Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Ձերբակալութիւններ Կը Կատարէ Եւ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ Կ՛որդեգրէ

June 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը երէկ յետմիջօրէին Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին մէջ կատարեց ներխուժումներ` ձերբակալելու համար այն խուլիկանները, որոնք գիշեր մը առաջ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակում գործած էին, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի ու Մինայի մէջ ճաշարաններ, սրճարաններ, փուռեր եւ պետական կալուածներ յարձակումի թիրախ դարձուցած:

Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանեան բանակը շրջուն ջոկատներով հսկեց Թրիփոլիի ապահովական կայունութեան:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները ծաղիկներ նուիրեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ քանդուած վաճառատուներու սեփականատէրերուն:

Նշենք նաեւ, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի երեսփոխաններուն անունով զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք խստացուցին քաղաքին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները եւ բացին համապատասխան հետաքննութիւն:

Միքաթի հաստատեց, որ Թրիփոլի կառչած կը մնայ լիբանանեան պետութեան իշխանութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը փոխադարձաբար ստիպուած է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել Թրիփոլիի մէջ:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ` խնդրելով աւելի մեծ թիւով Ներքին ապահովութեան ուժեր տրամադրել` արգիլելու համար խափանարարական արարքները:

Ան հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ, որուն հաստատեց, որ Թրիփոլիի բնակչութիւնն ու քաղաքական բոլոր ուժերը կը զօրակցին բանակին` աւելցնելով, որ պէտք է ապահովական ամէն տեսակ միջոցառում որդեգրել` պահպանելու համար Թրիփոլիի եւ անոր բնակչութեան անվտանգութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան-Ֆրանսական Բարեկամութեան Յանձնախումբը Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղական Եւ Շրջանային Հարցերը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1464-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 868-ի

RelatedPosts

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց  Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները
Լիբանանեան

Պիլալ Էրտողան Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

November 14, 2026
Ռիաշի Լիբանանի Մէջ  Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին  Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ
Լիբանանեան

Ռիաշի Լիբանանի Մէջ Պիլալ Էրտողանի Հանգամանքին Վերաբերեալ Յստակացում Կը Պահանջէ

November 14, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Պիտի Չընդունինք Որեւէ Գործարք, Որ Լիբանանի Գերիշխանութիւնն Ու Շահերը Կը Խաթարէ»

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.