Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ. «Այսօր Սկսաւ Փտածութեան Դէմ Պատերազմը»

Յունիս 16, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած քանդումներուն վերաբերող յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Պէյրութի առեւտրական կեդրոնին շուրջ բարոյական ու ապահովական գօտի պիտի հաստատուի:

Ան ընդգծեց, որ պետական թէ սեփական կալուածները քանդած իւրաքանչիւր անհատ պէտք է արգելափակուի:

Վարչապետ Տիապ նախագահեց նաեւ քննչական խորհուրդներու նիստի մը, որուն ընթացքին ըսաւ. «Կառավարութիւնը ամբաստանուած է ոչինչ կատարելու յանցանքով, եւ այդ ամբաստանութիւնը հերքելը առաջնահերթութեան առաջնահերթութիւնն է: Այսօր սկսաւ փտածութեան դէմ պատերազմը, որ երկարատեւ եւ դժուար պիտի ըլլայ: Այդ պատերազմին ընթացքին մենք պիտի ենթարկուինք քաղաքական սուր արշաւներու, դաւաճան ըլլալու ամբաստանութիւններու եւ լուտանքներու: Ոչի՛նչ, կառավարութեան կազմութեան առաջին օրէն իսկ վարժ դարձանք այդ վերաբերումին»:

Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղեց քննչական խորհուրդներուն գործելու իրենց խիղճին համաձայն:

Վարչապետ Տիապ նախագահեց Դատական գերագոյն խորհուրդի նիստին` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնը իր աշխատանքը կատարելու համար քաղաքական որոշումի չի կարօտիր:

«Եթէ կայ ոճիր մը, ապա դատական իշխանութեան պարտականութիւնն է հետաքննութիւն բանալ եւ բացայայտել անոր ծալքերը` ինչ տեսակի ոճիր որ ալ ըլլայ ան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ նշեց, որ դատական իշխանութիւնները իրենց լիիրաւ դերակատարութիւնը պէտք է ունենան` առանց այս կամ այն կողմը գոհացնելու միտումներ ունենալու: «Կարելի չէ արտօնել, որ լիբանանցիները զգան, թէ իրենց պետութիւնը զիրենք չի պաշտպաներ, եւ դատական իշխանութիւններուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կորսնցնեն», շեշտեց Տիապ:

Առաւօտեան Տիապ նախագահեց ելեւմտական-ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կից ստեղծել գործողութիւններու սենեակ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակին հսկողութիւնը:

Այս նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ երկիրը քանդող խուլիկաններուն բնական տեղը բանտն է` կոչ ուղղելով, որ խափանարարական արարքներուն մեղսակցած իւրաքանչիւր յանցագործ ձերբակալուի:

Ան հաստատեց, որ իրենց պատասխանատուութիւնն է պաշտպանել քաղաքացիներուն ամսական աշխատավարձերն ու անոնց ապրուստը:

Նշենք, որ Տիապ երէկ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին, որուն հետ քննարկեց համալսարանին վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Հըթթի Զօր. Տել Քոլի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի Հովանաւորեց Արսլանի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Հաշտութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?