Վարչապետ Հասսան Տիապ վաղը` հինգշաբթի, 18 յունիս 2020-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ընթացիկ հարցեր:
Երկուշաբթի ուշ գիշերին ան նախագահեց ելեւմտական հարցերու յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, կենսոլորտի նախարար Տըմիանոս Քաթթար, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչներ` Ուասիմ Մանսուրի, Պաշիր Եաքզան, Սելիմ Շահին եւ Ալեք Մուրատեան, հանրապետութեան նախագահի խորհրդատու Շարպել Քըրտահի, վարչապետի խորհրդատուներ Խտըր Թալեպ եւ Ժորժ Շալհուպ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարի խորհրդատու Հանրի Շաուուլ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ելեւմտական իրավիճակն ու ելեւմտական տագնապէն դուրս գալու հաւանական լուծումները:
Ժողովէն ետք Սելիմ Սֆէյր յայտնեց, որ յաջորդ փուլը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի երկիրը ապահով վայր մը հասցնելու իմաստով:
«Տնտեսական տագնապի բռնկումէն ի վեր առաջին անգամն է, որ նիստէ մը դուրս կ՛ելլենք այն համոզումով, թէ մուտք գործած ենք շօշափելի լուծումներու յանգելու լուրջ փուլ մը», ըսաւ Սֆէյր` աւելցնելով, որ հակառակ տիրող մարտահրաւէրներուն, նպատակը մէկ է: