Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց երկրագործութեան եւ մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Մուրթատա շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Խաթիպի` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի հողային կալուածները լիբանանցիներուն տրամադրութեան տակ դնելու եւ անոնց օժանդակելու համար:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց տիւրզի համայնքին վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Նատա Պուսթանի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ հաստատեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցը միայն Սուրիան թիրախ չի դարձներ: Ան դիտել տուաւ, որ ժամանակը հասած է դիմակայելու յարձակում գործող երկիրները եւ նեցուկ կանգնելու անոնց, որոնք մեզի զօրակցած են ու օժանդակած: Ան նշեց, որ Սուրիա իր դէմ սանձազերծուած պատերազմէն յաղթական դուրս պիտի գայ, «մինչդեռ Լիբանանի մէջ մենք գոհ ենք մեզ անօթեցնելու քաղաքականութեան անձնատուր ըլլալու քայլերէն», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` հաստատելով, որ փտածութեան դէմ պայքարելու վերաբերող բոլոր յայտարարութիւնները քաղաքական ծանուցումներ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ տիւրզի համայնքին միասնականութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նատիմ Ժեմայէլ կոչ ուղղեց` ազգային երկխօսութեան նիստի մը սկսելու` քննարկելու համար ապօրինի զէնքին թղթածրարն ու երկրին մէջ ստեղծուած իրարանցումը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նատա Պուսթանի երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ելեկտրակայան մը հաստատելու նպատակով Սըլաաթայի դիրքը յարմարագոյնն է` կենսոլորտային, գումակային եւ մատչելի ըլլալու առումով:

 

 

Նախորդը

Օրինակելի Նախաձեռնութիւն

Յաջորդը

«Տնտեսութեան Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուած Չենք Զգար» Շեշտեց Շամմաս

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.