Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Հովանաւորեց Արսլանի Եւ Ժոմպլաթի Միջեւ Հաշտութիւնը

June 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հովանաւորեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ հաշտութիւնը:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Արսլան եւ Ժոմպլաթ, ընկերակցութեամբ նախկին նախարարներ Սալեհ Ղարիպի եւ Ղազի Արիտիի, հասան Այն Թինէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պըրրիի այս նախաձեռնութիւնը մղուած է իր այն համոզումէն, որ Լեռնալիբանանի ապահովութիւնը իր ազդեցութիւնը ունի երկրին ապահովութեան վրայ, եւ այդ պատճառով ալ կը մաղթէ, որ հաշտութեան այդ հանդիպումը դրական ընթանայ:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Պըրրի համոզուած է, թէ այս հանդիպումը միջտիւրզիական չէ, այլ` ազգային հանդիպում մը, որ ազգային այլ հաշտութիւններու դուռ պիտի բանայ` ամրապնդելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ստեղծելու համար քաղաքական համախոհական մթնոլորտ մը` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը: Հանդիպումէն ետք նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու եռանդամ յանձնախումբ մը, կազմուած` Ղազի Արիտէի, Սալեհ Ղարիպէ եւ Ալի Հասան Խալիլէ: Յանձնախումբին նպատակը պիտի ըլլայ քննարկել տիւրզի համայնքին վերաբերող վիճայարոյց հարցերը եւ լուծել այդ հարցերուն հետեւանքները:

Պըրրիի Այցելուները

Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու առումով փաստաթուղթի մը յայտնուելուն մասին հարցումի մը պատասխանեց` ըսելով. «Ճի՛շդ է, օդակայանին դէմ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու մասին տեղեկութիւններ ստացանք եւ այդ տեղեկութիւնները յանձնեցինք պատկան մարմիններուն»:

Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ կազմուած է ապահովական-տնտեսական յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի պաշտօնական սակը կայունացնել: Ան հաստատեց նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կից ստեղծուած է գործողութիւններու սենեակ մը, որ պիտի հետապնդէ երկրին մէջ ապօրինի կերպով գործող` ամերիկեան տոլարի առեւտրականները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Վարչապետ Տիապ. «Այսօր Սկսաւ Փտածութեան Դէմ Պատերազմը»

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խումբ Մը Փաստաբաններու Ընկերակցութեամբ Այսօր Կ՛այցելէ Մըլհեմ Խալաֆի

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումը  Ներքին Պահանջ Է Եւ Ոչ Թէ Արտաքին Պարտադրանք»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Որոշումը Ներքին Պահանջ Է Եւ Ոչ Թէ Արտաքին Պարտադրանք»

January 12, 2026
Իսրայէլեան Բազմաթիւ  Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բազմաթիւ Օդային Յարձակումներ

January 12, 2026
Իսլամական Օրինական Խորհուրդը Անհրաժեշտ  Կը Նկատէ Զէնքի Մենաշնորհման Կառավարութեան  Որոշումի Գործադրութիւնը
Լիբանանեան

Իսլամական Օրինական Խորհուրդը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Զէնքի Մենաշնորհման Կառավարութեան Որոշումի Գործադրութիւնը

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.