Լիբանանեան

Ուազնի Նախագահեց Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Բնոյթի Նիստի Մը

Ուազնի Նախագահեց Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Բնոյթի Նիստի Մը

Ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ելեւմտական հարցերու քննարկման յատուկ նախարարական յանձնախումբի երկրորդ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր եւ Լումայափոխներու սենտիքայի փոխնախագահ Մահմուտ Հալաուի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ելեւմտական իրադարձութիւնները,...

Ֆահմի Ընդունեց Էտկար Թրապուլսին Եւ Ռամփլինկը

Ֆահմի Ընդունեց Էտկար Թրապուլսին Եւ Ռամփլինկը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն ընկերակցեցաւ իրաւաբան Ժամիլ Մըրատ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պետական եւ սեփական կառոյցներուն վրայ կատարուող իրերայաջորդ յարձակումները, ինչպէս նաեւ ճամբաները փակելու երեւոյթը, որ խօսքի ազատութեան սահմանները շրջանցած է` վերածուելով ժողովուրդին եւ օրէնքին վրայ յարձակումի: Թրապուլսի յայտնեց, որ միշտ կրկնուող այս արարքները կը...

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպանները Այցելեցին Նաքուրա

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Երկիրներու Դեսպանները Այցելեցին Նաքուրա

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Հուլա գիւղաքաղաքի հանդիպակաց շրջանին մէջ նշմարուած է իսրայէլացի քաղաքացիներու եւ զինուորականներու 200 հոգի հաշուող համախմբում մը, որուն պատճառով լիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ եղած են: Մինչ այդ նախանցեալ օր Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպանները այցելեցին Նաքուրա: Հարաւային Լիբանան այցելող դիւանագիտական ներկայացուցիչներն էին Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Դանիոյ,...

Ժահժահ Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթի Պատուիրակները

Ժահժահ Ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթի Պատուիրակները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի պատուիրակները` նախկին նախարարներ Աքրամ Շեհայէպն ու Նաամէ Թոհմէն: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշին եւ Ժահժահի նախագահական հարցերու խորհրդատու Թոնի Մըրատը: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնն ու քննարկումները շարունակելով, ինչպէս նաեւ համեստ մնալով է, որ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ լիբանանցիները պաշտպանելու լուծումներու: Միւս կողմէ,...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց կառավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու մասին բոլոր լուրերը` աւելցնելով նաեւ, որ ոմանք կը չափազանցեն, երբ կ՛ըսեն, թէ Հըզպալլա երկիրը իր ուզած ձեւով կը կառավարէ: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Լիբանանը հիմնուած է երկխօսութեան վրայ` աւելցնելով, որ ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ առանց երկխօսութեան ոչ մէկ լուծումի կարելի...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Հանրապետութեան Նախագահութիւնը Լիբանանցի Ղեկավարները Հրաւիրեց Ազգային Հանդիպումի Մը` 25 Յունիսին

Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պաապտայի մէջ 25 յունիսին տեղի ունենալիք ազգային հանդիպումին համար ճշդած է յստակ նպատակներ, որոնք են` քննարկել երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ ճիգ չխնայել` ամէն իմաստով խաղաղ պահելու Լիբանանը եւ պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Նախագահական պալատին համաձայն, այս նպատակը ճշդուած է կանխարգիլելու համար Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք այնպիսի թուլութիւն մը, որ երկրին համար քանդիչ պիտի ըլլայ, յատկապէս...

Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքի նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պըրրիի համար իրենք պատրաստ են երկխօսութեան մը մասնակցելէ աւելին կատարել, «սակայն ինչպէս Պըրրի...

Տիապ. «Կը Փափաքինք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Մասնակցին Ազգային Երկխօսութեան Հանդիպումին»

Տիապ. «Կը Փափաքինք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Մասնակցին Ազգային Երկխօսութեան Հանդիպումին»

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ժողովին ընթացքին վարչապետ Տիապ մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբաթ` Պէյրութի միջազգային օդակայանին բացումով, տնտեսական տագնապը կը նուազի` ընդգծելով, որ ամբողջ պետութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ Լիբանանի մէջ կեանքը վերսկսելու: «Վարչապետ Տիապ նշեց նաեւ, որ պէտք է մշակել զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնող, ինչպէս...

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Երիտասարդական Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարելիութիւնները

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Երիտասարդական Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարելիութիւնները

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, «Պիյանտ կրուփ»-ի եւ «Եու. էն. Էֆ. Փի. Էյ.»-ի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ երիտասարդական քաղաքականութեան գործադրութեան կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ վաւերացուած է 3 ապրիլ 2012-ին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն գործիքակազմերը, զորս պէտք է որդեգրել` յանձնառու մնալու համար երիտասարդութեան հարցերուն, անոնց կեանքի պայմաններուն...

Ժեմայէլ Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Ժեմայէլ Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց Չինաստանի` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին եւ շրջանին դիմագրաւած զգայուն պայմանները: Ժեմայէլ եւ Քիճիան քննարկեցին նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան.  «Կը Պահանջենք Օրէնքի Գործադրութիւնը»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Դատական Իշխանութիւնները Պէտք Է Հաշուետուութեան Ենթարկեն Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքին Հետ Խաղցող Յանցագործները»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստին ընթացքին պլոքը շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ ամբողջական եւ բացարձակ գործակցութիւն ցուցաբերելու բոլոր այն ջանքերուն, որոնք կը միտին ներքին լիբանանեան անդորր հաստատել, սադրանքներու նախապատրաստութեան վերջ տալ, ինչպէս նաեւ քաոսի դռները փակել: Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը պատրաստ է համագործակցելու բոլոր...

«Քորոնա»-էն Անդին

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1495-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 944-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1495-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 6 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 5-ը տեղացիներ են, իսկ 1-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 944 ուրիշներ` ապաքինած:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քրէական առանձնակի դատարանի դատաւոր Լարա Ապտել Սամատ երէկ որոշեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ յարուցուած դատական հարցը սկսիլ 14 հոկտեմբեր 2020-ին: Նշենք, որ Սալամէի դէմ դատական հայցը ներկայացուած է «Ժողովուրդը կ՛ուզէ երկրին վարչակարգը բարեկարգել» կոչուող խմբաւորումին կողմէ: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամ չորս ահաբեկիչներ: Ընդհանուր ապահովութեան համաձայն,...

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Ամէն Գնով Լուծել  Լիբանանը Յուզող Ներկայ Տագնապը»

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Ամէն Գնով Լուծել Լիբանանը Յուզող Ներկայ Տագնապը»

Մինչ Այն Թինէի աղբիւրները հաստատեցին,  որ 25 յունիսին նախագահական պալատին մէջ երկխօսութեան նիստ մը գումարելու ջանքեր կան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ, Պաապտա տակաւին ոչինչ յայտարարեց այս իմաստով: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Ճիւնի-Քեսրուան-Ֆթուհի առեւտրականներու միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սամի Իրանիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ կ՛աշխատին ամէն գնով...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 1489-ի, Մահուան Պարագաներունը  Կը Մնայ 32, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 907-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1489-ի, Մահուան Պարագաներունը Կը Մնայ 32, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 907-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1489-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 16 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 13-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 907 ուրիշներ` ապաքինած: Միւս կողմէ, Թրիփոլիի նաւահանգիստին վարչութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ նաւահանգիստին մէջ առողջապահական նախազգուշութեան խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են,...

Այն Թինէի Մէջ.   «Մարտահրաւէրներու Դիմակայումն Ու Հարցերուն  Լուծումը Կարիք Ունին  Յաւելեալ Ազգային Միասնականութեան»  Շեշտեց Գերապայծառ Սփիթերի

Այն Թինէի Մէջ. «Մարտահրաւէրներու Դիմակայումն Ու Հարցերուն Լուծումը Կարիք Ունին Յաւելեալ Ազգային Միասնականութեան» Շեշտեց Գերապայծառ Սփիթերի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սփիթերի շեշտեց, որ Պըրրիին յայտնած է Լիբանանի հանդէպ Ֆրանչիսկոս պապին զօրակցութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է երկրին մէջ տիրող հարցերը: Սփիթերի շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող մարտահրաւէրներուն դիմակայումն ու հարցերուն լուծումը կարիք ունին յաւելեալ ազգային...

Հըթթի Ընդունեց Քիւպիչն Ու  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Հըթթի Ընդունեց Քիւպիչն Ու Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Քննարկուեցան նաեւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք այդ խորհրդաժողովը առաջինն է, որ կը կազմակերպուի եւ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կարիքներուն` իբրեւ տեղահանուածներու հիւրընկալ ընկերութիւն,...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Համախմբումը Գնահատեց Հանրապետութեան Նախագահին Ջանքերը` Շրջանային Եւ Միջազգային Իրադարձութիւններուն Դիմաց Լիբանանեան Ազգային Միասնական Կեցուածքը Պահպանելու

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը անհրաժեշտ է` խուսափելու համար Լիբանանի վրայ շրջանային եւ միջազգային տագնապներուն կամ հաւանական գործարքներուն ունենալիք հետեւանքներէն: Համախմբումը գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ջանքերը` շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն դիմաց լիբանանեան ազգային միասնական...

Սաատ Հարիրի Այցելեց Միւֆթի Մէյսի`  Ընդգծելով Պեքաայի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը  Պահպանելու Անոր Ճիգերուն Կարեւորութիւնը

Սաատ Հարիրի Այցելեց Միւֆթի Մէյսի` Ընդգծելով Պեքաայի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանելու Անոր Ճիգերուն Կարեւորութիւնը

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյսի բնակարանը, Մաքսէի մէջ: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Մէյս բարի գալուստ մաղթեց Հարիրիի` շեշտելով, որ թէեւ անոր այցելութիւնները յաճախակի չեն, սակայն Պեքաայի մէջ անոր ներկայութիւնը միշտ բաղձալի է: Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Մէյսի ջերմ հիւրընկալութեան համար` շեշտելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան օրէն ի վեր ան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ սեփական մարզի առեւտրականներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց ներկայացնելու ամբողջական առաջարկներ եւ պատկերացումներ` դիտել տալով միաժամանակ, որ նախարարութեան կարողութիւնները սահմանափակ են: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Քիճիան ընդգծեց լիբանանեան-չինական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ...

Page 485 of 988 1 … 484 485 486 … 988

Արխիւներ