Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1464-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 18 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 12-ը տեղացիներ են, իսկ 6-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 32 պարագաներ մահացած են, իսկ 868 ուրիշներ` ապաքինած:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Ֆահմիի որոշումով, այսուհետեւ երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 Կեդրոնական Պէյրութի մէջ մոթորսիքլեթներու երթեւեկը արգիլուած է:
Նախարարի որոշումին գործադրութեան պիտի հսկէ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որպէսզի օրինազանցներուն դէմ օրինական քայլերու դիմուի: