Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1489-ի, Մահուան Պարագաներունը Կը Մնայ 32, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 907-ի

Յունիս 18, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1489-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 16 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 13-ը տեղացիներ են, իսկ 3-ը` արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 907 ուրիշներ` ապաքինած:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի նաւահանգիստին վարչութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ նաւահանգիստին մէջ առողջապահական նախազգուշութեան խիստ միջոցառումներ որդեգրուած են, երբ ի յայտ եկած է, թէ նաւահանգիստի աշխատաւորներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ «Քորոնա»-ով վարակուած աշխատաւորը 17 ուրիշներու հետ շփումի մէջ եղած է, հետեւաբար առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներով այդ 17 պարագաները անմիջապէս ենթարկուեցան առողջապահական մեկուսացումի:

Իսկ այսօր առողջապահութեան նախարարութեան անձնակազմը պիտի ուղղուի Թրիփոլի` կատարելու համար համապատասխան բժշկական քննութիւնները, որոնց արդիւնքներէն տեղեակ պիտի պահուի հանրութիւնը:

Նշենք, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի պաշտօնեաներու, անձնակազմի ու պայմանագիրով գործող պաշտօնեաներու խորհուրդը երէկ հիւանդանոցին դիմաց կատարեց բողոքի նստացոյց մը:

Նստացոյցէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խորհուրդը կտրականապէս մերժեց Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրինման ձեւերը` հաստատելով, որ այդ մօտեցումը կտրականապէս մերժելի է: «Մեր իրաւունքներէն պիտի չհրաժարինք», հաստատեց խորհուրդը` աւելցնելով, որ աստիճանաբար պիտի կասեցնեն հիւանդներ ընդունիլ, մինչեւ որ հիւանդանոցին աշխատանքը ամբողջական կերպով կասեցուի:

«Մենք ենք, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարեցանք, սակայն մեր նուազագոյն իրաւունքները չստացանք», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, բժշկական սարքեր եւ պիտոյքներ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Սալմա Ասի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ եթէ օտար ընկերութիւնները վերջ տան Լիբանանին բժշկական սարքերու եւ պիտոյքներու յանձնումին, ապա երկրին վիճակը աղէտալի կրնայ ըլլալ:

Արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան փոխադրելու Դ. փուլի շրջագիծին մէջ երէկ Լիբանան հասան «Միտըլ Իսթ»-ի չորս օդանաւեր Լոնտոնէն, Ռիատէն, Տուպայէն եւ Մոսկուայէն: Լիբանան եկող բոլոր ճամբորդները ենթարկուեցան «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան, եւ որդեգրուեցան զանոնք փոխադրելու բոլոր նախազգուշութիւններն ու առողջապահական մեկուսացման վերաբերող դասաւորումները:

Արտերկրի լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութեան ներկայ փուլը կ՛աւարտի վաղը` ուրբաթ, 19 յունիս 2020-ին:

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար յայտարարեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի սկսի գործել 1 յուլիսէն սկսեալ:

Ան նշեց, որ 1 յուլիսին պիտի սկսին առեւտրական թռիչքները, իսկ 24 յունիսին` զբօսաշրջական թռիչքները:

Նաժժար հաստատեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը պիտի գործէ իր կարողութեան 10 առ հարիւր համեմատութեամբ` դիմաւորելով միայն 2,000 զբօսաշրջիկ, նկատի ունենալով, որ ան կրնայ 20.000 ճամբորդ հիւրընկալել:

Պէտք է աւելցնել, որ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի որոշումով բացօթեայ ճաշարաններուն, սրճարաններուն եւ լողաւազաններուն մէջ պիտի արտօնուի կլկլակի մատուցումը:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Մարտահրաւէրներու Դիմակայումն Ու Հարցերուն Լուծումը Կարիք Ունին Յաւելեալ Ազգային Միասնականութեան» Շեշտեց Գերապայծառ Սփիթերի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Կ՛աշխատինք Ամէն Գնով Լուծել Լիբանանը Յուզող Ներկայ Տագնապը»

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?