Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա»-ի համաճարակէն ետք այդ խորհրդաժողովը առաջինն է, որ կը կազմակերպուի եւ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Լիբանանի եւ լիբանանցիներու կարիքներուն` իբրեւ տեղահանուածներու հիւրընկալ ընկերութիւն, եւ ոչ թէ միայն տեղահանուած սուրիացիներուն կարիքներուն:
Քիւպիչ նշեց, որ Հըթթիի հետ քննարկած է այս խորհրդաժողովէն Լիբանանին շահեր ապահովելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին արագ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ քանի մը օր առաջ այդ հարցը Հըթթի քննարկած էր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:
Հըթթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանեան հաստատութիւններուն եւ ընկերութիւններուն վրայ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքին ունենալիք հետեւանքները:
ՄԻՒՍ կողմէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է զգուշանայ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքէն` աւելցնելով, որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է յստակ քաղաքականութիւն ունենան այդ օրէնքին հետ վարուելու իմաստով:
«Լիբանան ինքզինք զերծ պէտք է կացուցէ շրջանին մէջ արձանագրուելիք բոլոր զարգացումներէն», ըսաւ Շտիտ` հաստատելով, որ ատիկա հետեւանքներէ խուսափելու առումով յարմարագոյն լուծումն է:
Շտիտ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է անպայման բանակցային քաղաքականութիւն ունենայ, իսկ լիբանանեան դիւանագիտութիւնը պէտք է շատ աշխուժ ըլլայ` շրջանցելու համար օրէնքը:
«Այս մօտեցումն ու քայլերը բնաւ դիւրին չեն, սակայն այս օրէնքը կրնայ կարգ մը պարագաներ խնայել», նշեց ան: