Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1622-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 19 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 12-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ն` արտերկրի լիբանանցիներ: «Քորոնա» ժահրով ցարդ 32 վարակուածներ մահացած են, իսկ 1098 ուրիշներ` ապաքինած: ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 25 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան...

Նախկին Վարչապետները Մերժեցին Ընդառաջել Նախագահ Աունի Յղած Երկխօսութեան Հանդիպումի Հրաւէրին

Նախկին Վարչապետները Մերժեցին Ընդառաջել Նախագահ Աունի Յղած Երկխօսութեան Հանդիպումի Հրաւէրին

Պաապտայի մէջ երկխօսութեան հանդիպում մը գումարելու նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած հրաւէրներուն պատասխանները հերթաբար կը յստականան: Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բնակարանին մէջ գումարեցին նիստ մը, որմէ ետք Սինիորա յայտնեց, թէ Պաապտայի մէջ երկխօսութեան հանդիպումի մը հրաւիրելը իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ տեղին չէ: Ան հաստատեց,...

Համատ Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Աշնան Դիմակայել «Քորոնա»-ի Համաճարակին Բ. Ալիքը»

Համատ Հասան. «Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Պատրաստուի Յառաջիկայ Աշնան Դիմակայել «Քորոնա»-ի Համաճարակին Բ. Ալիքը»

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1603-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1077-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1603-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 16 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 11-ն տեղացիներ են, իսկ 5-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1077 ուրիշներ` ապաքինած: Առողջապահութեան նախարար...

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Պաապտայի Երկխօսութեան Հանդիպումին Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Պաապտայի Երկխօսութեան Հանդիպումին Մասնակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով հինգշաբթի օր գումարուելիք երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցութեան վերաբերող հարցեր: Միքաթի յայտնեց, որ ինք Պըրրիի փոխանցած է իր անձնական տեսակէտը` տուեալ հանդիպումին մասին` աւելցնելով, որ իբրեւ նախկին վարչապետներ, իրենց կեցուածքին մասին աւելի ուշ պիտի յայտարարեն: Միքաթի շեշտեց, որ ազգային սկզբունքները...

Նաքուրայի Մէջ.  Ընդգծուեցաւ Լիբանանեան Բռնագրաւուած  Հողերէն Իսրայէլեան Ուժերու  Հեռացման Անհրաժեշտութիւնը

Տել Քոլ. «Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղեմ Իսրայէլի` Անմիջապէս Կասեցնելու Լիբանանի Վերեւ Գործուած Թռիչքները»

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ երէկ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը նշմարած է, թէ իսրայէլեան օդուժը վերջերս աւելի յաճախակի դարձուցած է Լիբանանի վերեւ  թռիչքները: Զօր. Տել Քոլ հաստատեց, որ իսրայէլեան օդանաւերուն թռիչքները լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան դէմ ոտնձգութիւններ են: «Լիբանանեան գերիշխանութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան դէմ նման ոտնձգութիւնները կը սրեն տիրող...

Պուխարի Սալամէի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պուխարի Սալամէի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ դեսպանատան մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Մոհամետ Պաասիրին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, նաեւ` երկկողմանի միացեալ շարք մը հարցեր:

Ժսըր. «Պէտք Է Յանցագործները Հետապնդել Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանել»

Ժսըր. «Պէտք Է Յանցագործները Հետապնդել Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը Պաշտպանել»

Պաշտպանութեան, ներքին հարցերու եւ քաղաքապետութեանց յատուկ երեսփոխանական մնայուն յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը նախագահութեամբ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի: Ներկայ էին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի եւ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը լսեց նախարարներուն տեղեկագիրները` Պէյրութի եւ Թրիփոլիի խափանարարական արարքներուն մասին: Նիստէն ետք Ժսըր յայտնեց. «Լիբանան` Պէյրութի եւ Թրիփոլիի դէպքերուն ընդմէջէն...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 1587-ի, Մահուան Պարագաներունը Մնաց 32,  Իսկ Ապաքինածներունը Հասաւ 1068-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1587-ի, Մահուան Պարագաներունը Մնաց 32, Իսկ Ապաքինածներունը Հասաւ 1068-ի

Անցնող 48 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 77 Նոր Վարակուածներ Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1587-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 51 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 19-ն տեղացիներ են, իսկ 32-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 32 պարագաներ մահացած են, իսկ 1068 ուրիշներ` ապաքինած: Պէտք է աւելցնել, որ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն...

Նախագահ Աուն Տիապի Հետ Քննարկեց Միջազգային  Դրամական Ֆոնտին Հետ Ընթացող Բանակցութիւնները

Նախագահ Աուն Տիապի Հետ Քննարկեց Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Ընթացող Բանակցութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք վարչապետ Տիապ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ նախագահ Աունի հետ հանդիպումը կայացած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւնները համադրելու շրջագիծին մէջ: Տիապ աւելցուց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան վաւերացուցած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:  

«Չեմ Փափաքիր Հանրապետութեան  Նախագահ Ընտրուիլ,  Այլ` Փտածութեան Դէմ Պայքարիլ»  Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

«Չեմ Փափաքիր Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրուիլ, Այլ` Փտածութեան Դէմ Պայքարիլ» Շեշտեց Ժըպրան Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան տարբեր տեսակի տագնապներ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ տագնապ մը չաւարտած ուրիշ մը կը ծագի: Ան ընդգծեց, որ վերջին տագնապը կառավարութիւնը տապալելու փորձն է, որ կը կատարուի տնտեսական դաւադրութեան մը միջոցով: «Մենք նախատեսած էինք, որ տնտեսական նման դաւադրութիւն մը պիտի ըլլայ, եւ...

Ֆելթման. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը  Չեն Կրնար Հըզպալլան Ապազինել»

Ֆելթման. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Չեն Կրնար Հըզպալլան Ապազինել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական  Ճեֆրի Ֆելթման «Պրուքինկզ» հիմնարկի կայքին համար գրած իր յօդուածին մէջ առաջարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնները փոփոխութեան ենթարկել: Ֆելթման իր յօդուածին մէջ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը չեն կրնար Հըզպալլան ապազինել` աւելցնելով, որ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրաէյլեան ոտնձգութիւններուն վերջ տալը եւս ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կարողութիւններէն վեր է: Ֆելթման...

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին  Առնչութեամբ Սուրիական Կողմը Անկեղծ  Եւ Արագ Աշխատանք Կը Կատարէ»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ Պիտի Հովանաւորէ Հըզպալլայի Եւ Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Միջեւ Հանդիպում Մը

  Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի միջեւ հանդիպումին հովանաւորութիւնը կը բխի ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութենէն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պըրրի համոզուած է, որ ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն դիմաց բարձրացուելիք հզօրագոյն զէնքը լիբանանեան ներքին միասնականութիւնն է: Նոյն շրջագիծին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար...

Օմար Քարամէի Մահուան  Ա. Տարելիցին Առիթով.  «Քարամէ Երկխօսութեան Մարդ Էր  Եւ Կը Հաւատար Օրէնքի  Ու Հաստատութենական Պետութեան»   Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

Ֆայսալ Քարամէ Կոչ Կ՛ուղղէ Պշարրէի Եւ Պքաասաֆրինի Բնակիչներուն Միջեւ Տագնապը Լուծելու

Արժանապատուութիւն հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` Պշարրէի եւ Պքաասաֆրինի բնակիչներուն միջեւ տագնապը լուծելու նպատակով: Քարամէ շեշտեց, որ հողերու ոռոգման պատճառով երկու գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն միջեւ կայ լարուածութիւն, որուն պատճառով նախորդ օրերուն արձանագրուած են ցաւալի դէպքեր, ինչպէս նաեւ` կրակոցներ: Քարամէ հաստատեց, որ վարչապետ Տիապին եւ զօր. Աունին...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն տրամադրուելիք արդարութիւնը կը կայանայ դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան մէջ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Հերմելի շրջանին մէջ աւազեայ պատնէշներով փակած է Հաուշ Սէյիտ Ալիէն Սուրիա տանող ապօրինի զոյգ անցքերը, որոնք կ՛օգտագործուէին մաքսանենգումի համար: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար...

«Լիբանանահայութիւնը Մերժած Է Ու Պիտի Շարունակէ Մերժել Ներքաշուիլ Որեւէ Տեսակի Սադրանքի Մէջ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանահայութիւնը Մերժած Է Ու Պիտի Շարունակէ Մերժել Ներքաշուիլ Որեւէ Տեսակի Սադրանքի Մէջ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Յ. Բագրատունի ընդգծեց պետական հաստատութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը` գնահատելով երկիրը քանդել փորձողներուն դիմադրելու ներքին գործոց նախարարին ջանքերը: Երեսփոխան Բագրատունի Ֆահմին իրազեկ դարձուց այն քայլերէն, որոնք առնուեցան` իբրեւ պատասխան կարգ մը սադրիչներու կողմէ լիբանանահայութեան դէմ արձանագրուած սպառնալիքներուն եւ որդեգրուած...

Նախագահ Աուն Մաժզուպի Հետ Քննարկեց Կրթական Մարզը Յուզող Հարցերը

Նախագահ Աուն Մաժզուպի Հետ Քննարկեց Կրթական Մարզը Յուզող Հարցերը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կրթական իրավիճակը` արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ կրթական մարզը յուզող հարցերը` դպրոցներուն եւ համալսարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթութեան նախարարութեան հրապարակած որոշումները` 2019-2020 կրթական տարեշրջանին վերաբերեալ: Նախագահ Աուն եւ Մաժզուպ քննարկեցին նաեւ յառաջիկայ կրթական տարեշրջանին համար նախարարութեան...

Պըրրի Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Տիապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Տիապ դարձաւ նաեւ Պըրրիի ճաշի հիւրը: Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Տիապ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Երկրին ելեւմտական կացութիւնն ու ամերիկեան տոլարի վաճառքի...

Վարչապետ Տիապ Քանաանի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբին Աշխատանքը

Վարչապետ Տիապ Քանաանի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբին Աշխատանքը

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը` ներկայութեամբ վարչական բարեկարգումի եւ կենսոլորտի նախարար Տըմիանոս Քաթթարի, ինչպէս նաեւ վարչապետի խորհրդատու Խտըր Թալեպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբին կատարած աշխատանքն ու այն եզրակացութիւնը, որուն յանգած է յանձնախումբը` ելեւմտական ծրագիրի մօտեցումներուն եւ թիւերուն առումով: Վարչապետ Տիապի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Լիբանանի Գերիշխանութեան Իր Կառչածութիւնը

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հաստատէ Լիբանանի Գերիշխանութեան Իր Կառչածութիւնը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան: «Այս իրականութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն անջատել շրջանային տագնապներէն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իշխանութիւններուն կատարելիք շօշափելի աշխատանքներէն, որոնց սպասումը երկարեցաւ, սակայն այդ աշխատանքները կարեւոր են, որպէսզի Ֆրանսա կարենայ օժանդակել Լիբանանի աշխուժացման», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1510-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 32, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 952-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1510-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 32, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 952-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1510-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 15 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 10-ն տեղացիներ են, իսկ 5-ը` արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 32 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 952 ուրիշներ` ապաքինած: Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց,...

Page 484 of 988 1 … 483 484 485 … 988

Արխիւներ