Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ քրէական առանձնակի դատարանի դատաւոր Լարա Ապտել Սամատ երէկ որոշեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ յարուցուած դատական հարցը սկսիլ 14 հոկտեմբեր 2020-ին: Նշենք, որ Սալամէի դէմ դատական հայցը ներկայացուած է «Ժողովուրդը կ՛ուզէ երկրին վարչակարգը բարեկարգել» կոչուող խմբաւորումին կողմէ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ձերբակալած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամ չորս ահաբեկիչներ: Ընդհանուր ապահովութեան համաձայն, ձերբակալեալները խոստովանած են, թէ մարզուած են եւ զինավարժութիւններ կատարած` պատրաստուելով լիբանանեան ապահովական կառոյցին մաս կազմող զինուորականներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որ յայտնեց, թէ Լիբանան սնանկացած երկիր չէ, այլ` գողցուած: «Մենք կը մերժենք տնտեսական մեր համակարգը փոփոխութեան ենթարկել` միայն քաղաքական շրջանային խաղի մաս կազմելու համար», ըսաւ ան:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահած «Հանրապետութեան հանդիպում» խմբաւորումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ կոչ ուղղեց` Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջանի զինուորական բոլոր դիրքերը փակելու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը վաւերացնելու:

ԲՋԻՋԱՅԻՆ հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն սենտիքան հաստատեց, որ իրենք վերջ տուած են գործադուլին եւ կը շարունակեն ամէն ջանք ի գործ դնել` երաշխաւորելու բոլորին իրաւունքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ արաբական Ծոցին հետ Լիբանանի գժտութիւնը պատճառած է Հըզպալլան` աւելցնելով, որ հաւանաբար իրենք սխալած էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջարկելով: Ան նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը քաղաքական մակարդակով բոլոր ուժերուն հետ լաւ յարաբերութեան մէջ է` բացի Հըզպալլայի եւ Ժըպրան Պասիլի հետեւորդներուն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ` անդրադառնալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի այն յայտարարութեան, որ հաւանաբար անոնք սխալած էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջարկելով, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Բարի՛ լոյս հաքիմ, հաստատ սխալած էիք»:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր երէկ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ խախտեցին Լիբանանի օդային սահմանները` հասնելով մինչեւ Արքուպ եւ Հասպայա:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1495-ի, Մահուան Պարագաներունը` 32-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 944-ի

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.