Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյսի բնակարանը, Մաքսէի մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Մէյս բարի գալուստ մաղթեց Հարիրիի` շեշտելով, որ թէեւ անոր այցելութիւնները յաճախակի չեն, սակայն Պեքաայի մէջ անոր ներկայութիւնը միշտ բաղձալի է:
Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց միւֆթի Մէյսի ջերմ հիւրընկալութեան համար` շեշտելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան օրէն ի վեր ան միշտ զօրակցած է Քրայթեմին եւ նեցուկ կանգնած Հարիրի ընտանիքին:
Սաատ Հարիրի ընդգծեց Պեքաայի մէջ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով միւֆթի Մէյսի ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Ազհարի կառուցման կարեւորութիւնը:
Հարիրի ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` երկիրը իր դիմագրաւած տագնապէն, յատկապէս տնտեսական քայքայումէն փրկելու համար:
Հարիրի շեշտեց, որ Պեքաան գոհար մըն է, ուր ինք միշտ կը փափաքի գտնուիլ եւ հետեւիլ միւֆթի Մէյսի քաջ եւ չափաւորական խօսքերուն:
Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախանցեալ գիշեր ընդունեց նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին, Թամմամ Սալամը եւ Ֆուատ Սինիորան, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախկին վարչապետները հաստատեցին, որ կը հետեւին երկրին մէջ համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններուն եւ լարուածութեան սրումին` աւելցնելով, որ այդ լարուածութիւնը կը դրսեւորուի ժողովրդային պահանջներուն ընդմէջէն` սնուցելու համար երկփեղկումը եւ աւելի եւս թէժացնելու ազգային տագնապը:
Անոնք խստիւ դատապարտեցին Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ գործուած խափանարարական արարքները` նկատել տալով, որ անոնք ամօթի կնիք են խուլիկան խմբաւորումներուն ճակտին:
Անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` շարունակելու իրենց ազգային գործունէութիւնը եւ պաշտպանելու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Չորս նախկին վարչապետները քննադատեցին կառավարութեան գործելաոճը` ընդգծելով, որ հզօր իշխանութիւնը վերածուած է ազատութիւնները ճնշելու, խօսքի ազատութիւնը արգիլելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրին խուլ ականջ տալու իշխանութեան:
Հարիրի նախագահեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը զգուշացուց Պէյրութի եւ Թրիփոլիի դէմ յարձակում գործողներուն նկատմամբ թուլութիւն ցուցաբերելէ:
Մուսթաքպալ պլոքը անհրաժեշտ նկատեց, որ բոլոր խուլիկանները ձերբակալուին եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնուին, որպէսզի համապատասխան պատիժներ ստանան եւ դառնան օրինակ` բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին պետական եւ սեփական կառոյցները քանդել, ցուցարարներուն արդարացի պահանջները շեղել եւ ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը խանգարել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքին հայեցողութեամբ կառավարութեան կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները երկրին մէջ տիրող իրավիճակին հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին:
Նախանցեալ գիշեր Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Այդ այցելութենէն 24 ժամ ետք, երէկ Ապպաս Իպրահիմ դարձեալ այցելեց Սաատ Հարիրիին: Քննարկուեցան Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան նիստին Հարիրիի մասնակցութեան կարելիութիւնները:
Հարիրի Ընդունեց Ժոմպլաթը
Երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Հարիրի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպալթը` ընկերակցութեամբ երեսփոխանական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեց երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Ընդարձակ հանդիպումէն ետք Հարիրի Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը:
Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենց այցելութիւնը կը միտի զօրակցութիւն յայտնել սիւննի չափաւորականութեան խորհրդանիշին` նահատակ վարչապետին զաւկին` Սաատ Հարիրիի: «Մեր այցելութեան նպատակն է զօրակցիլ Պէյրութին եւ Թրիփոլիին, ինչպէս նաեւ հաստատել երկխօսութեան կարեւորութիւնը, հակառակ անոր որ պայմանները դժուար են եւ ճամբան երկար: Կը հաւատանք, որ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ այս բոլոր դժուարութիւնները պիտի կարենանք շրջանցել: Յուսախաբութեան պիտի չմատնուինք», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ խափանարարական արարքներուն ընթացքին Պէյրութն ու Թրիփոլին սուղ վճարեցին, իսլամական եւ քրիստոնէական չափաւորականութիւնը սուղ վճարեց: «Մենք այսօր հոս ենք զօրակցելու Հարիրիին եւ անոր ներկայացուցած խորհրդանիշին», ըսաւ Ժոմպլաթ` հաստատելով, որ ինք պիտի մասնակցի երկխօսութեան:
Իր կարգին, Հարիրի յայտնեց, որ «Սիզըր» ամերիկեան պատժամիջոցը ամերիկեան պատժամիջոց է, որ իր հետեւանքները պիտի ունենայ: «Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ճշդէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի այդ պատժամիջոցին հետ: Մենք ընդդիմութիւն ենք, եւ մենք չէ, որ կ՛որոշենք այդ պատժամիջոցին նկատմամբ որդեգրուելիք ուղեգիծը», նշեց Հարիրի:
Երկխօսութեան մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Հարիրի ըսաւ. «Մենք ընդդիմութիւն ենք, սակայն երկխօսութեան առումով կը հաստատենք, որ ամէն բան իր ժամանակը ունի: Սկզբունքով երկխօսութեան դէմ չենք, սակայն մեր ապրած ծանր տագնապին եւ փլուզումին լոյսին տակ ապարդիւն երկխօսութիւնը օգտակար չենք գտներ: Երկխօսութիւնը պէտք է արդիւնաւէտ ըլլայ: Նախապէս Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ Պըրրիի հովանաւորութեամբ կայացած երկխօսութիւնը, որուն նպատակն էր սադրանքները կանխարգիլել, միակ երկխօսութեան հոլովոյթն էր, որ յաջողութիւն արձանագրեց եւ արդիւնաւէտ դարձաւ: Իսկ մնացեալ բոլոր երկխօսութիւնները ապարդիւն դուրս եկան»: