Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

June 19, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց Չինաստանի` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին եւ շրջանին դիմագրաւած զգայուն պայմանները:

Ժեմայէլ եւ Քիճիան քննարկեցին նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կառավարութեան ունեցած բանակցութիւնները` ընդգծելով լիբանանեան միացեալ կեցուածք մը գոյացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս գալ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն:

Քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրական գործակցութիւնը բարելաւելու իմաստով:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ, անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին, յայտնեց, որ ան ոչ մէկ պատասխան կամ լուծում ներկայացուց լիբանանցիներուն դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլայի տրամաբանութիւնը վերածուած է պետութեան տրամաբանութեան` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա տիրած է երկրին մէջ գտնուող բոլոր նախագահութիւններուն:

«Այս տեսակէտով պատժամիջոցները պարտադրուած են բոլոր լիբանանցիներուն եւ ամբողջ Լիբանանին: Սակայն այս տեսակէտը լիբանանցին կամովին չէ, որ կը բաժնէ` այլ զէնքի ուժով կը պարտադրուի անոր: Հետեւաբար, հարց կու տանք ձեզի, թէ ինչո՞ւ երկիրը կը խեղդէք եւ մեր զաւակներուն սուղ վճարել կու տաք` այս շրջափակումին գինը», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց բոլորին` յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը:

Ան հաստատեց, որ իրենք երկրին մէջ միլիսներ չեն ուզեր տեսնել, այլ կը փափաքին, որ զէնք ունեցող միակ հաստատութիւնը ըլլայ լիբանանեան բանակը: «Մենք ազգային դիտանկիւնէ մեկնելով է, որ կը խօսինք եւ կը փափաքինք մեր երկիրը մեր կամքով կառավարել, իսկ Իսրայէլին դիմադրել լիբանանեան բանակին ուժով: Սէյիտ Նասրալլայէն կը խնդրենք տիրող վարչակարգը փոփոխութեան ենթարկել եւ կառուցել նոր Լիբանան մը, որուն կը ձգտին լիբանանցիները», հաստատեց Ժեմայէլ:

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Դատական Իշխանութիւնները Պէտք Է Հաշուետուութեան Ենթարկեն Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքին Հետ Խաղցող Յանցագործները»

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Երիտասարդական Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.