Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրենժիէ Հանդիպումներ Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Հարիրիի Հետ

June 19, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընկերակցութեամբ իր զաւկին` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, ինչպէս նաեւ Մարատա հոսանքի նախկին նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պըրրիի համար իրենք պատրաստ են երկխօսութեան մը մասնակցելէ աւելին կատարել, «սակայն ինչպէս Պըրրի կ՛ըսէ` այդ երկխօսութեան հրաւիրողը ինք չէ, այլ` նախագահական պալատը: Այս մասին մենք քննարկումներ կատարեցինք: Վստահաբար ազգային շահերը եւ տիրող մթնոլորտը կ՛ենթադրեն, որ բոլորը համաձայն ըլլան, երկրին ապագային վերաբերեալ համախոհութիւն տիրէ: Ազգային միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է, եւ մենք կը սերտենք այդ կարելիութիւնը: Նկատի պիտի ունենանք խորհրդարանական տարբեր պլոքներուն որոշումները եւ ըստ այնմ տանք մեր վերջնական որոշումը», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Հարիրիի Մօտ

Ապա Ֆրենժիէ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում ունեցան Հարիրիի հետ, ներկայութեամբ անոր քաղաքական խորհրդատուին` նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ապա ներկաները ճաշեցին միասին:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այս արտակարգ իրավիճակին լոյսին տակ անհրաժեշտ էր Հարիրիի հետ հանդիպում մը ունենալ եւ քննարկել երկրին իրավիճակը, յատկապէս տնտեսական տագնապը, որ աղքատացուց ժողովուրդը:

«Այդ իմաստով մեր տեսակէտները գրեթէ նոյնն էին», ըսաւ Ֆրենժիէ` աւելցնելով, որ Հարիրի կը տառապի ժողովուրդին ցաւով եւ ամէն իմաստով կը փորձէ տնտեսական տագնապին լուծումներ ապահովել:

Լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` Ֆրենժիէ շեշտեց, որ տակաւին ժամանակ կայ, եւ իրենք կը շարունակեն սերտել նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան նիստին մասնակցելու կարելիութիւնը:

«Կարեւորը այն է, որ ազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը ըլլան տիրական: Տեղի ունենալիք որեւէ համաձայնութիւն պէտք է իսկական ըլլայ եւ ոչ թէ ձեւական, որպէսզի չներկայանանք իբրեւ համաձայն պատասխանատուներ` խորքին մէջ ըլլալով անհամաձայն», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ բոլորը համոզուած են, թէ ազգային միասնականութիւնն ու համախոհութիւնը անհրաժեշտ են` դիմադրելու երկրին դժուար կացութիւնը:

Ան նշեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապի նկատմամբ իր ունեցած բոլոր յարգանքով հանդերձ, ինք համոզուած է, թէ սիւննի համայնքի իսկական ներկայացուցիչները այսօր իշխանութեան մէջ չեն:

 

 

Նախորդը

Տիապ. «Կը Փափաքինք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Մասնակցին Ազգային Երկխօսութեան Հանդիպումին»

Յաջորդը

Հանրապետութեան Նախագահութիւնը Լիբանանցի Ղեկավարները Հրաւիրեց Ազգային Հանդիպումի Մը` 25 Յունիսին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.