Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Օհանեան – Գէորգեան ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Մէջ Երիտասարդական Քաղաքականութեան Գործադրութեան Կարելիութիւնները

June 19, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, «Պիյանտ կրուփ»-ի եւ «Եու. էն. Էֆ. Փի. Էյ.»-ի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ երիտասարդական քաղաքականութեան գործադրութեան կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքը Լիբանանի կառավարութեան կողմէ վաւերացուած է 3 ապրիլ 2012-ին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն գործիքակազմերը, զորս պէտք է որդեգրել` յանձնառու մնալու համար երիտասարդութեան հարցերուն, անոնց կեանքի պայմաններուն բարելաւման,  ինչպէս նաեւ զանոնք որոշումի պաշտօններու հասցնելու հնարաւորութիւններուն` ապահովելով քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ առողջապահական գործունէութիւն:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այս գործիքակազմերն ու կարելիութիւնները քննարկեց Ալեքսանտր Շէյնի եւ Ապիր Ապու Զեքիի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ), Ժիլպեր Տումեթի («Պիյանտ կրուփ»), Ասմա Քըրտահիի եւ Հայա Մուրթատայի («Եու. էն. Էֆ. Փի. Էյ.») հետ:

Հանդիպումին նպատակն էր յստակ հիմքեր մշակել` գործադրելու համար երիտասարդական քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել երիտասարդութեան կարիքներուն եւ պահանջներուն, յատկապէս տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուար կացութեան լոյսին տակ:

Հանդիպումին ընթացքին Ժիլպեր Տումեթ հակիրճ կերպով ներկայացուց երիտասարդական քաղաքականութեան վաւերացման ուղին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ գործնական ծրագիրի մը, որուն հիման վրայ կը ճշդուին առաջնահերթութիւններն ու նախաձեռնութիւնները:

Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ, որ նման քննարկումներ կատարուին նաեւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական ընկերութեան երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններուն կողմէ:

Ընդարձակ հանդիպումէն ետք նախարար Օհանեան-Գէորգեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Եոքի Մոքոյի հետ: Քննարկուեցան երիտասարդական քաղաքականութիւնն ու անոր գործադրութեան միջոցները:

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Չինաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

Տիապ. «Կը Փափաքինք, Որ Քաղաքական Բոլոր Ուժերը Մասնակցին Ազգային Երկխօսութեան Հանդիպումին»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.