ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ սեփական մարզի առեւտրականներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց ներկայացնելու ամբողջական առաջարկներ եւ պատկերացումներ` դիտել տալով միաժամանակ, որ նախարարութեան կարողութիւնները սահմանափակ են:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ղազի Ուազնի ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Քիճիան ընդգծեց լիբանանեան-չինական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ մազութի Սուրիա մաքսանենգումը զուտ քաղաքական հարց է` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը լաւ ձեւով պէտք է հսկէ սահմաններուն եւ զսպէ մաքսանենգումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները գոհացնելու նպատակով լիբանանեան շուկային ամերիկեան տոլար հայթայթելուն հետեւանքները աղէտալի պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է ուղղէ այդ ընթացքը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ բոլոր անոնք, որոնք խուլիկանութիւններ գործած են, պէտք է ձերբակալուին եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնուին:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն գրաւ չդնելու անոնց վրայ, որոնք կ՛ուզեն բզկտել հայրենիքը:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր երէկ հաստատեց, որ պիտի չարտօնեն, որ կարգ մը խուլիկաններ քաղաքին ապահովական կայունութիւնը խախտեն կրակոցներով եւ զինեալ երեւոյթներով: Ան ընդգծեց, որ կառչած պիտի մնան ներքին գործոց նախարարին ցուցմունքներուն` շեշտելով 2018-ին մշակուած ապահովական ծրագիրին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ յարձակում գործելը ոճիր է` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ ապահովական ուղեգիծերը համահունչ ըլլային, ապա երկիրը բարգաւաճում եւ զարգացում կ՛ապրէր:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը: