Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախմբումը Գնահատեց Հանրապետութեան Նախագահին Ջանքերը` Շրջանային Եւ Միջազգային Իրադարձութիւններուն Դիմաց Լիբանանեան Ազգային Միասնական Կեցուածքը Պահպանելու

June 18, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը անհրաժեշտ է` խուսափելու համար Լիբանանի վրայ շրջանային եւ միջազգային տագնապներուն կամ հաւանական գործարքներուն ունենալիք հետեւանքներէն:

Համախմբումը գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ջանքերը` շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն դիմաց լիբանանեան ազգային միասնական կեցուածքը պահպանելու` աւելցնելով, որ այդ ջանքերը կը միտին դիմադրելու իմաստով Լիբանանի կարողութիւնը ամրապնդել:

Համախմբումը նշեց, որ ամօթալի չի գտներ կառավարութեան կողմէ որեւէ կեցուածք կամ առնուած քայլ քննադատել, եթէ ատիկա սխալ կը գտնէ:

Այս շրջագիծին մէջ համախմբումը կառավարութենէն պահանջեց աւելի վճռակամ ըլլալ` ամերիկեան տոլարի, մաքսանենգումի, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն եւ ելեւմտական ծրագիրը սրբագրելու առումով:

Համախմբումը նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան ելեւմտական հեղձուցիչ շրջափակումի մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ ներքին քաղաքական տագնապներ կը դիմագրաւէ, «հետեւաբար պէտք է զօրակցիլ կառավարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ ներքին լիբանանեան կայունութիւնը երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներ կատարել եւ փտածութեան դէմ պայքարը շարունակել», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Համախմբումը հաստատեց, որ ելեւմտական բարեկարգումը ուղղակիօրէն առնչուած է ելեւմտական քաղաքականութեան փոփոխութեան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ ելեւմտական պետական հաստատութիւններուն մէջ հաշուական քննչութիւն կատարելու իր յանձնառութիւնը:

«Միջազգային հաստատութիւնները, որոնց շարքին գլխաւորաբար Միջազգային դրամական ֆոնտը, Լիբանանի հանդէպ դրական վարուելակերպ պիտի չդրսեւորեն, եթէ ան ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումները չկատարէ», ընդգծեց համախմբումը:

Հաղորդագրութեան աւարտին համախմբումը դատապարտեց Պէյրութի մէջ գործադրուած խափանարարական արարքները եւ անոնց նախօրեակին հնչած քաղաքական ու համայնքային գրգռութիւնները: «Ո՛վ որ գրգռութիւններ հրահրեց` պատասխանատու է գործուած քանդումին եւ խուլիկանութիւններուն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Սաատ Հարիրի Այցելեց Միւֆթի Մէյսի` Ընդգծելով Պեքաայի Մէջ Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանելու Անոր Ճիգերուն Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հըթթի Ընդունեց Քիւպիչն Ու Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.