Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբ Երիտասարդութեան Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց, Որ Լիբանան 2022-ին Պիտի Հիւրընկալէ Արաբական 15-րդ Մարզախաղերու Ախոյեանութիւնները, Եւ Պիտի Դառնայ «Արաբ Երիտասարդութեան Մայրաքաղաք»-ը

July 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէ, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու երիտասարդութեան նախարարները գումարեցին Արաբ երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդի 43-րդ ընդհանուր ժողովը:

«Զում»-ի միջոցաւ գումարուած, այլ խօսքով` առցանց ժողովին ընթացքին խորհուրդը որոշեց, որ Իրաք, Լիբանան, Պենկազի եւ Երուսաղէմ պիտի ըլլան այն երկիրները, որոնք 2021-ին, 2022-ին, 2023-ին եւ 2024-ին յաջորդաբար պիտի հիւրընկալեն Արաբական 14-րդ, 15-րդ, 16-րդ եւ 17-րդ մարզախաղերու ախոյեանութիւնները, եւ պիտի դառնան «Արաբ երիտասարդութեան մայրաքաղաք»-ը նկատուող երկիրներ:

Այս առիթով նախարար Օհանեան-Գէորգեան ուրախութիւն յայտնեց, թէ ինք առաջին անգամ ըլլալով մաս կը կազմէ Արաբ երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդին` ընդգծելով, որ ինք կը մաղթէր, որ այդ ժողովը գումարուէր սովորական պայմաններու մէջ, ուր կարենային անձամբ տեսակցիլ եւ ոչ թէ ստիպուած ըլլալ ելեկտրոնային հանդիպումի մը մասնակցելու:

«Յուսամ, որ այս դժուար օրերը աւարտին, եւ «Քորոնա»-ի համաճարակը վերջ գտնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ բնականոն աշխատանքի վերադառնալ, եւ վերանան երիտասարդութեան ու ընկերութեան ծառայելու մեր դերակատարութեան դիմաց ժահրին զետեղած իսկական մարտահրաւէրները», ըսաւ ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան խորհուրդէն պահանջեց սրբագրել Արաբական մարզախաղերու ախոյեանութիւններուն վերաբերող որոշումը, որուն հիման վրայ ակնարկութիւն կատարուած է միայն Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք մարզախաղերուն յետաձգումին:

Ան հաստատեց, որ որոշուած էր Արաբական մարզախաղերու ախոյեանութիւնները կայացնել  Լիբանանի մէջ եւ ապա Իրաքի` աւելցնելով, որ երկու երկիրները համաձայն են ախոյեանութիւնները հիւրընկալելու թուականները փոխարինելու` Արաբ երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդին հաւանութեամբ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան կոչ ուղղեց, որ Արաբ երիտասարդութեան նախարարներու խորհուրդին որոշումը ըլլայ այն, որ Իրաք հիւրընկալէ Արաբական մարզախաղերու 14-րդ ախոյեանութիւնները, իսկ Լիբանան` 15-րդը, պայմանաւ որ այդ մարզախաղերուն թուականները մէկ տարիով յետաձգուին` նկատի ունենալով ամբողջ աշխարհին մէջ տիրող պայմանները:

Նախորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ` Երկրին Իշխանութիւնները Փոփոխութեան Ենթարկելու Եւ Լիբանանին Վերադարձնելու Իր Ազատ Որոշումը

Յաջորդը

Հարիրի. «Չեմ Պատրաստուիր Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.