Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասթալտօ. «Եւրոպա Պէտք Է Նեցուկ Կանգնի Լիբանանցիներուն»

July 7, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ երէկ Ազգային լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրենց համար պատիւ է Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթիի Իտալիա այցելութիւնը եւ անոր իտալացի պաշտօնակիցին Լուիճի Տի Մայոյի հետ հանդիպումը:

«Մենք լաւ գիտենք, որ նախորդ տարիներուն Լիբանան որքան տագնապներ եւ դժուարութիւններ հանդուրժեց, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող: Սակայն, հակառակ տնտեսական իր ապառողջ վիճակին, Լիբանան հիւրընկալեց սուրիացի տեղահանուածները, որոնք, բաղդատած իր բնակչութեան թիւին, շատ հսկայական թիւ մը կը ներկայացնէին: Լիբանան իսկապէս բացառիկ երկիր է եւ` իբրեւ փոքր երկիր, անոր ջանքերը բարձր կը գնահատուին: Այս պատճառով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով շրջանին մէջ իբրեւ գործընկեր` Լիբանանի հետ հեզասահ յարաբերութիւնները, Եւրոպա պէտք է նեցուկ կանգնի լիբանանցիներուն»:

Քասթալտօ ընդգծեց, որ ինք` իբրեւ իտալացի, հպարտ կը զգայ, որ Իտալիա հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած եւ սահմանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հսկող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան մէջ:

«Մենք պիտի շարունակենք Լիբանանին զօրակցիլ: Լիբանանի հետ զինուորական գործակցութեան շրջագիծին մէջ Իտալիա լիբանանեան բանակին յանձնեց քիմիական, կենսաբանական, հիւլէական եւ շողարձակումներէ պաշտպանող սարքեր: Կը յիշեմ նաեւ, որ Եւրոպական խորհրդարանը Լիբանանին տրամադրեց հսկայայկան գումարներ` երկկողմանի գործակցութեան շրջագիծին մէջ: 2017-2020-ին այդ գումարները հասան 200 միլիոն եւրոյի, որոնք ի մտի ունեցան բարեկարգումը ամրապնդել եւ աշխատանքի առիթներ ստեղծել, վարչական աշխատանքին թափ տալ, ինչպէս նաեւ օրէնքն ու գերիշխանութիւնը հզօրացնել:

Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնէ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ անոր տնտեսական բարգաւաճում ապահովելու նպատակով: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Իտալիա պիտի ըլլայ առաջնագիծի վրայ` Լիբանանի օժանդակութեան ի խնդիր, իսկ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ես պիտի ըլլամ Լիբանանին ձայնը», նշեց Քասթալտօ:

 

Նախորդը

Աքր. «Եթէ Խորհրդարանը Փափաքի Կառավարութեան Շնորհած Իր Վստահութեան Քուէն Յետս Կոչել, Իր Իրաւունքն Է, Սակայն Մենք Կը Շարունակենք Գործել»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կը Յուսամ Մօտիկ Ապագային Բարի Լուրեր Լսել»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.