Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը փափաքի կառավարութեան շնորհած իր վստահութեան քուէն յետս կոչել, անիկա իր իրաւունքն է` աւելցնելով սակայն, որ ներկայ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վերջին վայրկեանը:
Աքր հաստատեց, որ նախապէս կառավարութիւններ անդամալուծուած են, «բան մը, որ կը մերժենք մեր կառավարութեան պարագային, որովհետեւ մեր նպատակը աշխատանքն է ու արդիւնաբերութիւնը», ըսաւ ան:
Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի քաղաքական ուժերուն կողմէ իր աշխատանքին միջամտութիւններ չկատարուին: «Մենք դժուար կացութեան մէջ ենք եւ մեր նպատակն է քաղաքացիներուն պահանջները իրագործել եւ ոչ թէ իշխանութեան վրայ մնալ», շեշտեց Աքր:
Ան նկատել տուաւ, որ եթէ կառավարութիւնը անդրադառնայ, որ հասած է փուլի մը, երբ իրագործելու կարողութիւնը կորսնցուցած է, ապա ան պիտի չշարունակէ իր աշխատանքը. «սակայն ցարդ նման որոշում չենք տուած եւ որոշած ենք մնալ ու շարունակել մեր աշխատանքը` որոշ բաներ գործադրելու նպատակով», հաստատեց Աքր:
Նախարարը աւելցուց, որ քաղաքական դասին մէջ չկան կողմեր, որոնք կը փափաքին կառավարութեան մաս կազմել` նկատի ունենալով տիրող բարդ ու դժուար կացութիւնը: «Կը կարծեմ, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւս կը մերժէ վերադառնալ իշխանութեան», ըսաւ ան:
Պատասխանելով Հարիրիի կողմէ իր հասցէին արձանագրուած քննադատութիւններուն մասին հարցումի մը` Աքր յայտնեց, որ հաւանաբար Հարիրի սխալ տեղեկութիւններ ունի` ընդգծելով, թէ ինք Հարիրիի հետ անձնական բարեկամութիւն ունի, եւ հարցեր չկան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ վարչապետ Հասսան Տիապի` իրեն հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան համար: «Հանրային գործի մէջ ծառայող իւրաքանչիւր անհատ քննադատութեան ենթակայ է. նկատած ենք, որ այդ մէկը կը կատարուի նաեւ կարգ մը նախարարներու հասցէին, սակայն օրերը պիտի փաստեն, թէ ի՛նչ աշխատանք կը տարուի», հաստատեց ան:
Աքր հերքեց այն լուրը, թէ ինք այցելած է Հարաւային արուարձաններ եւ հանդիպում ունեցած Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ: «Բայց եւ այնպէս, իբրեւ պաշտպանութեան նախարար, քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ յարաբերութիւններ ունիմ», ըսաւ ան:
Նախարարը ընդգծեց, որ երկրին մէջ տիրող տնտեսական-ելեւմտական տագնապին պատասխանատու են դրամատուները, որդեգրուած ելեւմտական քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերը, «սակայն մենք որոշած ենք պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ աշխատիլ այս հարցերուն լուծման ի խնդիր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քանի մը այլ նախարարներով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ հանդիպած է` քննարկելու համար բարեկարգումի վերաբերող թղթածրարները:
Պատասխանելով կառավարութեան վրայ բանեցուած ճնշումներուն մասին հարցումի մը` Աքր շեշտեց, որ վարչապետ Տիապ կ՛որոշէ, թէ երբ պէտք է բացայայտել այդ ճնշումներուն մասին:
Ան ընդգծեց, որ Ելեկտրականութեան վարչական խորհուրդի եւ կազմակերպական յանձնախումբի անդամներուն նշանակումը կառավարութեան այսօրուան նիստին պիտի կատարուի:
Աքր նշեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ է նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին հետ, որ խոստացած է ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին սակը ճշդել:
Պաշտպանութեան նախարարը նկատել տուաւ, որ փտածները դատավարութեան ենթարկելը դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին ծիրին մէջ կ՛իյնայ` աւելցնելով, որ հանրութեան դրամին ձեռք երկարողը պէտք է հաշուետուութեան կանչուի:
Աքր շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրական լուրջ յարաբերութիւններ կան` աւելցնելով, որ Լիբանան ե՛ւ Արեւմուտքին ե՛ւ Արեւելքին հետ կը գործակցի:
«Տնտեսական այս կացութեան մէջ Լիբանանի նպաստող ոչ մէկ առաջարկ պիտի մերժենք եւ ոչ ոքէ կը վախնանք: Մենք պիտի չհասնինք այն աստիճանին, որ ժողովուրդը անօթի մնայ, եւ ելեկտրական հոսանքը լրիւ անջատուի», հաստատեց ան:
Աքր նշեց, որ Պէյրութ այցելած իրաքեան պատուիրակութեան հետ քննարկումները բաւական դրական են` դիտել տալով, որ լուսարձակի տակ առնուած են նաւթի վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի, առողջապահական կարիքներու եւ զբօսաշրջիկներու փոխանակման հեռանկարներ:
«Բանակայիններուն համար պատրաստուած ճաշին մէջ առայժմ միս չկայ` արձանագրուած սղաճին պատճառով, բայց այդ մէկը ժամանակաւոր է: Բանակայիններուն ճաշերուն մէջ հաւը տակաւին կ՛օգտագործուի», ըսաւ Աքր: