Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ Հռոմի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները:
Այս շրջագիծին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կուերինիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հըթթի եւ Կուերինի ընդգծեցին լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` բարձր գնահատելով հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը:
Հանդիպումին մասին Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Կուերինիի համաձայն, հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու շրջագիծին մէջ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր ծառայող իտալացի զինուորները ապահոված են սահմանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը, որ Միջին Արեւելքի կայունութեան կը նպաստէ:
Կուերինի հաստատեց, որ իտալական զօրամասը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը, պիտի օժանդակէ հարաւի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ այս դժուար կացութեան ընթացքին պիտի օժանդակէ քաղաքապետարաններուն:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ իտալական զօրամասին ունեցած յաջող փորձառութիւնը եւ արձանագրուած արդիւնքները, կը հաստատեն այդ զօրամասին առաքելութիւնը երկարաձգելու կարեւորութիւնը, առանց փոփոխութիւններու ենթարկելու անոնց իրաւասութիւնները:
«Լիբանան զգայուն փուլ մը կը դիմագրաւէ, եւ մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ անոր», հաստատեց Կուերինի` անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապին:
Վատիկանի Մէջ
Վատիկանի մէջ Հըթթի հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար, եպիսկոպոսապետ կարտինալ Փոլ Ռիչըրտ Կալակըրի հետ:
Կալակըր ընդգծեց Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եւ անոր դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապը թօթափելու իմաստով անոր օժանդակելու կարեւորութիւնը:
Կալակըր նշեց, որ Լիբանան պէտք է շարունակէ Միացեալ Նահանգներու, Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ միջազգային ընտանիքին հետ իր սկսած երկխօսութիւնը` երկրին դիմագրաւած տնտեսական-ելեւմտական տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով:
Իր կարգին, Հըթթի ներկայացուց Լիբանանի ներկայ իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած հարցերը, յատկապէս կրթական մարզին դէմ ծառացող մարտահրաւէրները:
Այս իմաստով Կալակըր խոստացաւ օժանդակել Լիբանանին եւ անոր միջազգային գործընկերներուն հետ լուծումներու յանգիլ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները` յատկապէս Իրաքի եւ Սուրիոյ վերաբերող:
Հըթթի այցելեց նաեւ Արեւելքի եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոր կատարուելիք օժանդակութիւնները` շրջանցելու համար այս խոցելի փուլը: