Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայոյի հետ:
Հանդիպումը որակուեցաւ կարեւոր եւ դրական. Տի Մայօ հաստատեց, թէ Իտալիա յանձնառու կը մնայ զօրակցելու Լիբանանին, որ կը դիմագրաւէ տնտեսական վտանգաւոր տագնապ մը, որուն պատճառով լիբանանցիները լուրջ եւ մեծ վտանգներու դիմաց կը գտնուին:
Տի Մայօ ընդգծեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Իտալիա կ՛ողջունէ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան կողմէ բարեկարգումներ գործադրելու ջանքերը, որովհետեւ ատիկա հիմնական նախապայմանն է տապալելու ներկայ դժուարութիւններն ու աշխուժացնելու տնտեսութիւնը` անսալով լիբանանցի ժողովուրդին ձգտումներուն:
Տի Մայօ հաստատեց, որ Իտալիա յանձնառու կը մնայ 2018-ին, Հռոմի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի խոստացուած բոլոր օժանդակութիւնները կատարելու: «Իտալիա նախանձախնդիր կը մնայ ծառայելու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` նկատի ունենալով, որ անոնց մէջ իտալական զօրամասը ամէնէն մեծն է թիւով եւ հիմնական դերակատարութիւն ունի ապահովական կայունութեան պահպանումին մէջ», յայտնեց ան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Պաղեստինեան հարցն ու Սուրիոյ տագնապը:
Նշենք, որ Հըթթի հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահերի եւ իտալացի պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Կը նախատեսուի, որ Հըթթի հանդիպումներ ունենայ նաեւ պաշտպանութեան նախարար Լորենզօ Կորինիի, Իտալիոյ մէջ արաբական երկիրներու դեսպաններու, իտալացի քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փոլ Ռիչըրտ Կալակըրի եւ Արեւելքի եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ կարտինալ Սանտրիի հետ: