Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, այն հարցին, թէ ի՞նչ են Քանայիի այցելութեան պատճառները` Պըրրի պատասխանեց. «Լիբանանին եղբայր եւ բարեկամ երկրի մը դեսպանին հետ հանդիպումէն ետք, կը յուսամ մօտիկ ապագային բարի լուրեր լսել»:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան: