Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 8, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Հասսան Տիապ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ քաղաքացիական ապահովութեան հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելէն, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի բանակցութիւններուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ իր ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութեան Լիբանանի իրաւունքին վերաբերող հարցեր:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ գերագոյն խորհուրդը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Իսլամական գերագոյն խորհուրդը շեշտեց, որ բոլորէն պահանջուած է զիջումներ կատարել: Նշենք, որ նախքան նիստը, միւֆթի Տըրիան հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

ԿԻՊՐՈՍ-Լիբանան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ալի Պեզզի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան գործակատար Էլինի Փափանիքոլայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցաւ Համասի մէկ պատուիրակութեան հետ: Քննարկուեցան պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող ապահովական կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական մարմիններուն հետ փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Իմատ Հուպալլա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնը ուղեգիծ մըն է եւ կոչ` վերջ տալու պետութեան եւ միլիսներու երկակիութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ հաստատեց, որ վարչապետ Հասսան Տիապ միայն աղերսել գիտէ` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս իշխանութեան ներքեւ չի փափաքիր վարչապետի պաշտօն ստանձնել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս յայտնեց, որ իրենք դէմ պիտի դնեն բոլոր անոնց, որոնք հանրապետութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է զօրակցի առողջապահական մարզին, որովհետեւ անոր փլուզումը կը նշանակէ լիբանանեան պետութեան քանդումը:

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպում պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հարց տուաւ գաղտնիութեան պայմաններուն մէջ կատարուող նշանակումներուն մասին: Պլոքը ընդգծեց, որ կառավարութեան պաշտպանութիւնը կարելի է կատարել` աշխատանքի եւ արդիւնաբերութեան ընդմէջէն:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Պլոքը հաստատեց, որ նկատի ունենալով ելեկտրականութեան մարզին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումն ու մտայնութիւնը, կարելի չէ բարեկարգում ապահովել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամփլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Անդրադառնալով նշանակումներուն` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անոնք կը կատարուին ատակութեան եւ համայնքներուն հաշուոյն:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի կոչ ուղղեց կառավարութեան վերջ տալու փտածութիւնը ծածկող ձեւական բարեկարգումներու մասին խօսելու եւ այդպիսով լիբանանցիները խաբելու արարքին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ Պէյրութի նահանգապետ, դատախազ Մարուան Ապպուտի հետ քննարկեց մայրաքաղաքին կարիքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին վերջ տալ Դիմադրութեան, եւ այդ պատճառով ալ Ուաշինկթըն կը տնօրինէ լիբանանցիները անօթութեան ենթարկելու պայքար մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վարչապետ Հասսան Տիապի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան դէմ արշաւը կապուած է մէկ նպատակի, որն է կառավարութեան տապալումը:

 

Նախորդը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.