Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարուն. «Յառաջիկայ Օրերուն Հիւանդանոցները Իրենց Դռները Պիտի Բանան Միայն Շտապ Կարիքի Մէջ Եղող Պարագաներուն»

July 8, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ
1907-
ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1348-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1907-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 22 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 14-ը տեղացիներ են, իսկ 8-ն` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 36 պարագաներ մահացած են, իսկ 1348 ուրիշներ` ապաքինած:

Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ընդունեց նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` Ժեզզինի կառավարական հիւանդանոց այցելութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեց յառաջիկայ աշնան Լիբանանը հարուածելիք «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքէն նախազգուշանալու միջոցները:

Միւս կողմէ, Լիբանանի սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ յառաջիկայ օրերուն հիւանդանոցները իրենց դռները պիտի բանան միայն շտապ կարիքի մէջ եղող պարագաներուն, այլ խօսքով` կենաց մահու հարցեր դիմագրաւող պարագաներուն, որովհետեւ հիւանդանոցները լուրջ տագնապի մէջ կը գտնուին` յատկապէս բժշկական եւ առողջապահական պիտոյքներու հարցով:

Ան ցաւ յայտնեց, որ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին բաւարար մազութ չի տրամադրուիր, որպէսզի ան իր բոլոր բաժանմունքները կարենայ բանեցնել` այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կառավարական հիւանդանոցները պէտք է զօրակցութիւն ստանան:

Հարուն շեշտեց, որ հիւանդանոցներուն տագնապը կարելի է լուծել պետական մակարդակով: «Այս մտահոգութեամբ մենք դիմեցինք պետութեան, սակայն անկէ դրական ոչ մէկ քայլ նշմարեցինք», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Իտալիոյ Մէջ. «Լիբանան Զգայուն Փուլ Մը Կը Դիմագրաւէ, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք Զօրակցիլ Անոր» Շեշտեց Կուերինի

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.