Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքն Ու Նախարար Օհանեան Այցելեցին Հանրապետութեան Միւֆթիին

July 7, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան երէկ այցելեցին հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի:

Տար Ֆաթուայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ դժուար ժամանակներուն ընթացքին անհրաժեշտ է հանդիպիլ հանրապետութեան միւֆթիին հետ` նկատի ունենալով անոր ներկայացուցած ազգային եւ ժողովրդային միասնականութեան արժէքն ու համերաշխութեան խորհրդանիշը: «Միւֆթին, անկասկած, կը մարմնաւորէ քաղաքացիին ձայնը, անոր մորմոքն ու յոյսը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ միւֆթի Տըրիանի հետ հանդիպումին շեշտած են Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` հեռու մնալով ամէն տեսակի լարուածութենէ եւ համայնքային բառամթերքէ:

«Կարեւոր նկատեցինք նաեւ ինքնազսպումի որդեգրումը, որպէսզի առաջքը առնուի այն թակարդներուն, որոնք դէպի սադրանք կ՛առաջնորդեն: Սադրանքը հայրենիք կը կործանէ: Հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք երկխօսութեան կարեւորութիւնը, չեմ ըսեր համաձայնեցանք, որովհետեւ անիկա հանրապետութեան միւֆթիին անշեղ սկզբունքներէն է: Երկխօսութիւնը միակ ընտրանքն է անշուշտ, մանաւանդ եթէ ստիպուած ըլլանք պատերազմին եւ երկխօսութեան միջեւ ընտրութիւն կատարել: Այս առումով միւֆթի Տըրիան շեշտեց նաեւ սէր եզրին կարեւորութիւնը», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց նաեւ, որ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած են սիւննի եւ հայ համայնքներուն միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ երբ իսլամութեան եւ հայութեան պատմական յարաբերութիւններուն մասին կը խօսինք, ապա կ՛անդրադառնանք այն կապին, որ Լիբանանէն չէ սկսած, այլ դարերու վաղեմութիւն ունի:

«Ընդգծեցինք հայ համայնքին դէմ հնչած անհաճոյ ձայներէն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը սիւննի եւ հայ համայնքներուն միջեւ վիճայարոյց նիւթի վերածելէ հեռու մնալու կարեւորութիւնը: Մեր պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ անգամ նկատած ենք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական պատճառներով գործուած է, ընդհակառակն` միշտ ըսած ենք եւ կրկնած, որ անիկա քաղաքական պատճառներով էր: «Հետեւաբար իսլամութիւնն ու սիւննի համայնքը Ցեղասպանութեան եւ ոճիրներուն հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին: Այդ հարցը Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհին համար սիւննի եւ հայ համայնքներու յարաբերութիւններուն շրջագիծէն հեռու են: «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պատմական է, ուստի անիկա քաղաքականութեան ծիրին մէջ կը քննարկուի: Մենք ոչ մէկ ձեւի սադրանքի մէջ պիտի ներքաշուինք: Լիբանանի այս դժուար կացութեան ընթացքին մենք պէտք է իրարու հետ գործակցինք, մտքով ու իմաստութեամբ գործենք` լուծումներ ապահովելու, որպէսզի կարենանք փրկել Լիբանանը կամ` ինչ որ մնաց Լիբանանէն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Պաալպեքի Համերգը Եւ Կոչ Ուղղեց Լիբանանցիներուն` Կառչած Մնալու Յոյսին Եւ Անձնատուր Չըլլալու

Յաջորդը

«Կը Զօրակցինք Կառավարութեան Եւ Կը Մաղթենք, Որ Անոր Աշխատանքի Թափը Աշխուժանայ» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.