Լիբանանեան

Պըրրի Նախարարներ Աքրի, Ֆահմիի  Եւ Քաթթարի Հետ Քննարկեց Երկրին  Տնտեսական Իրավիճակը

Պըրրի Նախարարներ Աքրի, Ֆահմիի Եւ Քաթթարի Հետ Քննարկեց Երկրին Տնտեսական Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմին եւ կենսոլորտի ու վարչական բարեկարգումի նախարար Տըմիանոս Քաթթարը` ներկայութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էտի Ապի Լամաա,...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 3260-ի, Մահուան Պարագաներունը`  43-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1619-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3260-ի, Մահուան Պարագաներունը` 43-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1619-ի

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարի Շրջագիծին Մէջ Կլկլակի Մատուցումը Բացարձակապէս Կ՛արգիլուի, Իսկ Քթակապ Չկրելու Պարագային 50.000 Լ. Ոսկիի Տուգանք Կ՛որդեգրուի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 3260-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 156 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 132-ը տեղացիներ, իսկ 24-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 43 պարագաներ մահացած են,...

Տիապ. «Այն Ատեն, Երբ Երկրին Դէմ Ծառացող  Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար  Պէտք Է Միասնական Ըլլանք, Կառավարութիւնը  Քաղաքական Աղեղներու Թիրախ Կը Դառնայ»

Տիապ. «Այն Ատեն, Երբ Երկրին Դէմ Ծառացող Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար Պէտք Է Միասնական Ըլլանք, Կառավարութիւնը Քաղաքական Աղեղներու Թիրախ Կը Դառնայ»

Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը` լուծելու համար երկիրը յուզող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կառավարութեան ունեցած բանակցութիւններուն: Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Հանգստեան կոչուած լիբանանցի դեսպաններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ համախմբումի...

Նեխած Հաւերու Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Նեխած Հաւերու Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Լիբանանի մէջ իր բոյն դրած փտածութիւնը մերթ ընդ մերթ իր դէմքը կը բացայայտէ նեխած եւ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող սննդամթերքի բացայայտումով: Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան` ընկերակցութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու խմբակի մը, երկու օր առաջ Զըքրիթի մէջ բացայայտեց հաւեղէնի մառան մը` «Ֆրէյհա Ֆուտ Քամփընի», ուր պահուած էին 2016-էն արդէն իսկ ուտելու ժամկէտը աւարտած հաւեղէն, որոնք կը վերարտադրուին եւ շուկայ...

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերու Հիւսիսային  Հրամանատարութեան Յաւելեալ  Ուժեր Պիտի Տրամադրուին»

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերու Հիւսիսային Հրամանատարութեան Յաւելեալ Ուժեր Պիտի Տրամադրուին»

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերու հիւսիսային հրամանատարութեան յաւելեալ հետեւակ ուժեր պիտի տրամադրուին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հետ սահմանամերձ դիրքերը պիտի ամրապնդուին: Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախանցեալ օր հրահանգեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարարին, ապահովական կառոյցներուն եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին` գտնելու ելեւմտական այնպիսի աղբիւրներ, որոնց հիմամբ կարելի կ՛ըլլայ իսրայէլեան բանակին պիւտճէն շուրջ...

Ըստ «Արապիա»-ի, Մաքրոն Լիբանանի Օժանդակութեան Ամբողջական Ծրագիրի Մասին Պիտի Յայտարարէ

Ըստ «Արապիա»-ի, Մաքրոն Լիբանանի Օժանդակութեան Ամբողջական Ծրագիրի Մասին Պիտի Յայտարարէ

Լոտրիան Այսօր Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Իշխանութեան Պետերուն Եւ Ռայի Պատրիարքին Հետ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ ֆրանսական պաշտօնական աղբիւրներ հաստատած են, որ Լիբանանի տագնապը կը շահագրգռէ ամբողջ շրջանը` աւելցնելով, թէ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանի տագնապին առնչութեամբ յայտարարուած չէզոքութեան կոչին: Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Լիբանանի օժանդակութեան ամբողջական ծրագիրի մը մասին պիտի յայտարարէ: Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել...

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառչած Կը Մնանք ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան, Իսկ Զայն Փոփոխութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Կը Նկատենք Շրջանին Ապահովութեան Սպառնացող Կարելիութիւն»

Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոք. «Կառչած Կը Մնանք ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան, Իսկ Զայն Փոփոխութեան Ենթարկելու Որեւէ Փորձ Կը Նկատենք Շրջանին Ապահովութեան Սպառնացող Կարելիութիւն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող տարբեր տագնապներ: Պլոքը զարմանք յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութիւնները փոփոխութեան ենթարկելու կարելիութիւններուն մասին: Պլոքը ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` դրուատելով լիբանանեան բանակին հետ անոր գործակցութիւնը, նաեւ   ընդգծելով, որ Իսրայէլ միակ կողմն է,...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւններուն Յապաղումը Կրնայ Պատճառ Դառնալ, Որ Լիբանան Այդ Ընտրանքէն Չօգտուի»

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ հաստատեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այն մօտեցումը, թէ չէզոքութեան յղացքին մօտեցումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ներքին միասնականութեան եւ արտաքին հովանաւորութեան հիման վրայ: Համախմբումը ողջունեց կառավարութեան որոշումը, որուն հիման վրայ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան պիտի ենթարկուին: «Այդ որոշումը հիմնական նախապայման է բարեկարգումները իրագործելու եւ անոր հիման վրայ Միջազգային դրամական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հաստատեց, որ չէզոքութիւնը լիբանանեան պատմութեան եւ հիմնադրութեան առանցքը կը կազմէ` աւելցնելով, թէ ինք պիտի հրաւիրէ ընդարձակ երկխօսութեան մը, որ ոչ ոք կը բացառէ: ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին եւ շաբաթ, 1 օգոստոս 2020-ին: Նշենք, որ...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Վերաբերող Դատական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Կեդրոնական Դրամատան Հաշիւներուն Վերաբերող Դատական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեան վարչապետ Հասսան Տիապի: Նախքան նիստը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու անդրադարձան կառավարութեան օրակարգին: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն կառավարութենէն պահանջեց «Քորոնա» համաճարակին պատճառով Սուրի մէջ մահացած լիբանանցի բժիշկ Լուայ Իսմայէլը նահատակ նկատել`...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Եւ Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատեն Դատական Հաշուեքննութիւնը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Եւ Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատեն Դատական Հաշուեքննութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան իրենց էջերուն վրայ գրառումով դրուատեցին 21 յուլիսին կառավարութեան վաւերացուցած կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն վերաբերող դատական հաշուեքննութեան հոլովոյթը: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այս քայլը շատ կարեւոր եւ հիմնական նկատեց փտածութեան դէմ պայքարի ուղիին վրայ` հաստատելով, որ անիկա պիտի ծառայէ փտած ընթացքի կասեցման: Ան աւելցուց, որ այս հոլովոյթը բոլորին պահակն է: Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ...

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին մշակած օրինագիծերը, որոնք կը միտին մեղմացնելու քաղաքացիներուն բեռը` նկատի ունենալով երկիրը յուզող ներկայ պայմանները, յատկապէս վերամուտի մօտալուտ թուականն ու ծնողներուն, դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ ուսանողներուն դիմագրաւած...

«Շինիչ Աշխատանքը Համագործակցութեան Մէջ Է»  Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

«Շինիչ Աշխատանքը Համագործակցութեան Մէջ Է» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Լեպանոն Թայմզ» կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մարմնակրթութեան մարզին վրայ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կարգ մը ազդակներ, որոնցմէ առաջինը տնտեսական վատ կացութիւնն է: «Տնտեսական տագնապը պատճառ դարձած է, որ ներդրողներուն ու գործարարներուն առաջնահերթութիւնները փոխուին, եւ անոնք հրաժարին մարմնակրթութեան մարզը ֆինանսաւորելէ: Այս իրականութեան կը միանայ նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ...

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարելու Նախազգուշութիւնները Պէտք Է Խստացնել, Իսկ Երկիրը Փակելու Որոշում Չկայ

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարելու Նախազգուշութիւնները Պէտք Է Խստացնել, Իսկ Երկիրը Փակելու Որոշում Չկայ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2980-ի, Մահուան Պարագաներունը` 41-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1577-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2980-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 75 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 63-ը տեղացիներ, իսկ 12-ը Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 41 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1577 ուրիշներ` ապաքինած: Ներքին գործոց...

Սլէյման Ֆրենժիէ Այցելեց Նեժիպ Միքաթիի

Սլէյման Ֆրենժիէ Այցելեց Նեժիպ Միքաթիի

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Նահհաս եւ Թոնի Ֆրենժիէ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Ռոնի Արայժի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը ազգային հիմք է` ընդգծելով, որ ա՛յս է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին պահանջը:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ Ատհայի տօնը կը զուգադիպի ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին: Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային տագնապները: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հանրապետութեան հանդիպումը, գլխաւորութեամբ` հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ ըսաւ. «Ռայի պատրիարքին...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին, Իսկ Ռիատ Սալամէի Ինչքերը Կ՛ենթարկուին Պայմանական Կալանքի

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին, Իսկ Ռիատ Սալամէի Ինչքերը Կ՛ենթարկուին Պայմանական Կալանքի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել Կեդրոնական դրամատան պարագային կատարուելիք դատական հաշուեքննութեան թղթածրարը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հըթթի նախագահ Աունին ներկայացուց Հռոմ եւ Վատիկան իր կատարած այցելութեան եւ ունեցած...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքն Ու Նախարար Օհանեան Այցելեցին Թրիփոլիի Միւֆթիին

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքն Ու Նախարար Օհանեան Այցելեցին Թրիփոլիի Միւֆթիին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան ու Ալեքսանտր Մաթոսեան շաբաթ, 18 յուլիսին այցելեցին Թրիփոլիի եւ Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ Թրիփոլիի «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեան, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի իսլամական կալուածներու գրասենեակի նախագահ շէյխ Ապտել Ռազզաք Իսլամպուլի: Հայկական երեսփոխանական պլոքը շնորհաւորեց միւֆթի Իմամը`...

IMF_logo

Նախագահ Աուն Կ՛ընդգծէ Ելեւմտական Դատական Հաշուեքննութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց, թէ փտածութեան դէմ մղուած պայքարը անիմաստ է, եթէ չկատարուի ելեւմտական դատական հաշուեքննութիւն: «Առանց ելեւմտական դատական հաշուեքննութեան անկարելի պիտի ըլլայ իմանալ, թէ Լիբանանի պետական գումարները ինչպէ՛ս մսխուեցան: Հաշուեքննութեան միջոցով է, որ կարելի պիտի ըլլայ զատորոշել պարկեշտները եւ դատապարտել փտածները», ընդգծեց նախագահ Աուն: Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Լիբանան Տնտեսական...

Շեշտելով Չէզոքութեան Կառչած Մնալու Լիբանանի Անհրաժեշտութիւնը .  Ռայի Պատրիարքը Տիմանի Մէջ Ընդունեց Վարչապետ Տիապն Ու Ժըպրան Պասիլը, Իսկ Պքաաքաֆրայի Մէջ Հանդիպում  Ունեցաւ Սամիր Ժահժահի Հետ

Շեշտելով Չէզոքութեան Կառչած Մնալու Լիբանանի Անհրաժեշտութիւնը . Ռայի Պատրիարքը Տիմանի Մէջ Ընդունեց Վարչապետ Տիապն Ու Ժըպրան Պասիլը, Իսկ Պքաաքաֆրայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սամիր Ժահժահի Հետ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն կ՛ընկերակցէին կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթարը եւ վարչապետ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպը: Հանդիպումէն ետք վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը միշտ իւրայատուկ է: «Քննարկեցինք լիբանանեան շարք մը հարցեր, յատկապէս` ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական, որոնք կը տագնապեցնեն լիբանանցիները, եւ որոնք հետեւանք են Լիբանանի...

Page 475 of 988 1 … 474 475 476 … 988

Արխիւներ