Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ. «Այն Ատեն, Երբ Երկրին Դէմ Ծառացող Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար Պէտք Է Միասնական Ըլլանք, Կառավարութիւնը Քաղաքական Աղեղներու Թիրախ Կը Դառնայ»

July 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը` լուծելու համար երկիրը յուզող տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կառավարութեան ունեցած բանակցութիւններուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ Հանգստեան կոչուած լիբանանցի դեսպաններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ համախմբումի նախագահ Ֆարիտ Սմահայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակը եւ զայն բարելաւելու իմաստով կառավարութեան ճիգերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային շահերը ապահովելու համար նախկին դիւանագէտներուն փորձառութենէն օգտուելու կարելիութիւնները:

Այս առիթով վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, որուն  գործադրութեան համար կ՛աշխատի գործադիր իշխանութիւնը, Միջազգային դրամական ֆոնտին տրամադրելիք ծրագիրին ելակէտը կը նկատուի:

Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բարեկարգումներ կատարելու նպատակով` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դատական հաշուեքննութեան ենթարկելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան սահմաններէն անցնող բեռնարկղներն ու բեռնակառքերը ստուգելու եւ քննելու իմաստով, բարեկարգումի քայլեր կան:

Ան աւելցուց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նշանակումը իր կարգին բարեկարգումի քայլ մը կը նկատուի:

«Ներկայ կառավարութիւնը մասնագիտական ըլլալու չափանիշները ամբողջացնելու առումով Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի մասնագիտականն է: Այն ատեն, երբ երկրին դէմ ծառացող մարտահրաւէրները դիմակայելու համար պէտք է միասնական ըլլանք, նուազագոյնը` ելեւմտական-տնտեսական եւ ընկերային տագնապները լուծելու առումով, կառավարութիւնը քաղաքական աղեղներու թիրախ կը դառնայ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Նեխած Հաւերու Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3260-ի, Մահուան Պարագաներունը` 43-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1619-ի

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.