Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շինիչ Աշխատանքը Համագործակցութեան Մէջ Է» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Յուլիս 22, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան «Լեպանոն Թայմզ» կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մարմնակրթութեան մարզին վրայ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կարգ մը ազդակներ, որոնցմէ առաջինը տնտեսական վատ կացութիւնն է:

«Տնտեսական տագնապը պատճառ դարձած է, որ ներդրողներուն ու գործարարներուն առաջնահերթութիւնները փոխուին, եւ անոնք հրաժարին մարմնակրթութեան մարզը ֆինանսաւորելէ: Այս իրականութեան կը միանայ նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակը, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն կողմէ հիմնական երկու բանով մտահոգուելու ճշմարտութիւնը` իրենց սննդեղէնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորել, առանց մարզական կեանքին մասին մտածելու: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ մարմնակրթութեան մարզը լքուի եւ ամայութեան մատնուի», ըսաւ ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց նաեւ, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն, տարբեր մարզաձեւերու ֆետերասիոններ, ինչպէս նաեւ Ողիմպիականի յանձնախումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն 2020-2021 տարեշրջանի մարզական կեանքը աշխուժացնելու: «Իւրաքանչիւր ֆետերասիոն կը ջանայ մշակել ռազմավարութիւն մը, որ կը համապատասխանէ իր մարզական աշխուժութեան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի բարձր գիտակցութիւն եւ այս աշխատանքը համադրելու համար կը նախատեսուի, որ տարբեր ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ հանդիպումներ կայանան, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ յստակ ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ ներկայ պայմաններուն յարմարող մարզական միացեալ ռազմավարութիւն մը, որ կ՛ապահովէ մարմնակրթութեան մարզին շահերը: Այս իմաստով ֆետերասիոններուն նկատմամբ կատարեալ վստահութիւն ունինք», շեշտեց ան:

Համաշխարհային եւ միջցամաքամասային մրցումներուն Լիբանանի մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարար Օհանեան-Գէորգեան ըսաւ, որ Լիբանան սառեցուցած է իր նուաճումները եւ ոչ թէ բացակայութիւն կ՛արձանագրէ: «Այս իրավիճակին պատճառը այն է, որ Լիբանան դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի: Երբ կացութիւնը բարելաւուի` մարզական կեանքին մէջ աստիճանական բարելաւում պիտի նշմարէք: Կարելի չէ մարզական առողջ իրավիճակ ակնկալել երկրէ մը, որ փուլ գալու սեմին կը գտնուի», յայտնեց ան:

Նախարարը աւելցուց, որ նախարարութիւնը քանի մը ուղղութեամբ կը գործէ: Ան նշեց, որ նախարարութիւնը կը փորձէ գործադրել երիտասարդական քաղաքականութիւնը, զոր կառավարութիւնը վաւերացուցած է 3 ապրիլ 2012-ին, եւ որ կը բովանդակէ 137 յանձնարարութիւններ, որոնք բոլորն ալ մնացած են արձանագրութեան վիճակի մէջ:

«Այս 137 յանձնարարութիւնները կապուած են տարբեր նախարարութիւններու: Անոնցմէ 20-ը որոշուեցաւ գործադրել «Եու. Էն. Էֆ. Փի. Էյ.»-ի եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ գործակցութեամբ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութենէն պիտի պահանջուի որդեգրել այդ յանձնարարութիւնները` անոնց գործադրութեան նպատակով», ըսաւ ան:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը աւելցուց նաեւ, որ կառավարութեան պիտի ներկայացնէ թիւ 629 օրէնքը, իր բարեփոխուած եւ արդիականացած վիճակով, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին տարբեր ֆետերասիոններու եւ Ողիմպիականի յանձնախումբին հետ մշակուած օրինագիծեր: «Շինիչ աշխատանքը համագործակցութեան մէջ կը կայանայ», հաստատեց ան:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ երիտասարդական քաղաքականութիւնը կը բաղկանայ չորս առանցքներէ, որոնք են. 1) Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ ուսում ստանալու նպատակով կրթական նպաստներու ապահովում, 2) Աշխատանք եւ տնտեսական մասնակցութիւն, այլ խօսքով` համալսարաններուն մէջ ուսանողներուն համար աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովել, որպէսզի աւարտելէ ետք անոնք աշխատանքի դաշտ ուղղուին, 3) Ստեղծել ընկերային ծրագիրներ, որոնք կը միտին լիբանանցի երիտասարդներուն փոքր եւ միջակ ծրագիրներ ստեղծելու առիթներ շնորհել, 4) Վտանգներու եւ ախտերու («Քորոնա», թմրեցուցիչ, խթանիչ դեղեր, մարզական կեանքի մէջ վայրագութիւններուն) դէմ նախազգուշական ծրագիրներու մշակում:

Ան հաստատեց, որ մօտիկ ապագային  մարզական համալիրներ պիտի հաստատուին գիւղաքաղաքներուն մէջ, ուր բնակող երիտասարդներուն արհեստավարժ մարզական փորձեր պիտի կազմակերպուին` գիւղերու բարգաւաճման նպատակով:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կայ օրէնքի յօդուած մը, որ կ՛արգիլէ լաչակ կրող երիտասարդուհիներու մասնակցութիւնը տարբեր մարզախաղերու:

Կառավարութեան մէջ իգական սեռի ներկայացուցիչներուն աշխատանքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախարարը շեշտեց, որ լիբանանցի կինը լիբանանեան ընկերութեան կէսը կը կազմէ եւ անիկա յաւելեալ արժէք է` ի՛նչ մարզի մէջ որ ալ գտնուի ան:

Այս իմաստով ան մաղթեց, որ լիբանանցի կնոջ ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը կ՛ամրապնդուի մարզական ֆետերասիոններուն կայացնելիք ընտրութիւններուն ընթացքին:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցի երիտասարդներուն` նախարար Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ երկրին վիճակը եւ ապրած փուլը դժուար են ու ծանր, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ հայրենիքին նկատմամբ յոյսն ու վստահութիւնը պէտք է կորսնցնել եւ արտագաղթելու որոշում տալ: «Լիբանան իր երիտասարդներուն կը պատկանի, եւ մենք ունինք սքանչելի երիտասարդներ: Մաղթեմ, որ անոնք համբերատար ըլլան եւ ներքին որոշումներուն մասնակից դառնան: Երիտասարդութեան նախարարութեան դռները միշտ բաց են բոլորին դիմաց, եւ բոլորս կը յուսանք, որ այս տագնապը պիտի դիմակայենք եւ աւելի դրական օրերու պիտի հասնինք», եզրափակեց ան:

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարելու Նախազգուշութիւնները Պէտք Է Խստացնել, Իսկ Երկիրը Փակելու Որոշում Չկայ

Յաջորդը

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?