Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլէյման Ֆրենժիէ Այցելեց Նեժիպ Միքաթիի

July 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Նահհաս եւ Թոնի Ֆրենժիէ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Ռոնի Արայժի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը ազգային հիմք է` ընդգծելով, որ ա՛յս է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին պահանջը:

«Ի վերջոյ ան կը փափաքի Լիբանանը սադրանքներէ փրկել, եւ մենք պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնենք` արգիլելու համար Լիբանանի դէմ նախապատրաստուող բոլոր սադրանքները», յայտնեց Ֆրենժիէ:

Ան հաստատեց, որ Միքաթիի հետ Մարատա հոսանքին յարաբերութիւնները ամրապնդուած են` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

«Եկած ենք հաստատելու, որ մենք մէկ ընտանիք ենք, եւ մեր միջեւ գոյութիւն ունի փոխըմբռնում, որ կը դրսեւորուի ամէնէն դժուար ու բարդ պայմաններուն ընթացքին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանանը միայն համախոհութեամբ կարելի է կառավարել` աւելցնելով, որ այսօր համայնքային բովանդակութեամբ բառամթերք կը հնչէ եւ այդ մէկը մերժելի է:

Միքաթի ըսաւ, որ երկիրը յուզող քաղաքական ընդարձակ թեմաներու շուրջ իրենք համաձայն են Մարատա հոսանքին հետ:

Ան մաղթեց, որ կառավարութեան գործունէութիւնը աւելի աշխուժ ըլլայ` ընդգծելով, որ կառավարութեան արձանագրելիք յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի յաջողութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Պայքարելու Նախազգուշութիւնները Պէտք Է Խստացնել, Իսկ Երկիրը Փակելու Որոշում Չկայ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.