Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

July 22, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին մշակած օրինագիծերը, որոնք կը միտին մեղմացնելու քաղաքացիներուն բեռը` նկատի ունենալով երկիրը յուզող ներկայ պայմանները, յատկապէս վերամուտի մօտալուտ թուականն ու ծնողներուն, դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ ուսանողներուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւնները:

Ռաատ յայտնեց, որ կան առաջարկներ, որոնք կը վերաբերին երկրին տնտեսական կացութեան, ինչպէս նաեւ շուկային մէջ տնտեսական մրցակցութիւն ստեղծելու նախաձեռնութիւններու: «Այդ բոլոր առաջարկները մենք Պըրրիի տրամադրութեան տակ դրած ենք, որպէսզի ան իր հայեցողութեամբ վաւերացնէ զանոնք», ըսաւ Ռաատ:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ խորհրդարանի նախագահէն ստացած են այն տպաւորութիւնը, թէ ինք յոռետես չէ:

Ռաատ ընդգծեց, որ Լիբանանի տնտեսական տագնապին ներքին եւ արտաքին բոլոր պատճառները ծանօթ են ու յստակ բոլորին` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ արտաքին ուժերու կողմէ պարտադրուած շրջափակում գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ արտաքին այդ ուժերը կը հովանաւորեն ահաբեկչութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ իսրայէլեան ծաւալապաշտական ծրագիրներուն:

Ռաատ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը հիմք է` այդ ծրագիրներուն դէմ պայքարելու:

Չէզոքութեան վերաբերող մարոնի համայնքին Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռաատ ըսաւ, որ իրենք այդ կեցուածքը քննարկած են եւ կը հետեւին հակազդեցութիւններուն:

Միւս կողմէ, Պըրիի ընդունեց հաշուեքննութեան դիւանի նախագահ, դատախազ Մոհամետ Պատրան, որմէ ստացաւ 1997-ի հաշուեփակի տեղեկագիրը:

Պըրրի յանձնարարեց այդ տեղեկագիրէն օրինակներ փոխանցել խորհրդարանի անդամներուն, որպէսզի անոնք եւս ուսումնասիրեն տեղեկագիրին բովանդակութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Շինիչ Աշխատանքը Համագործակցութեան Մէջ Է» Շեշտեց Նախարար Օհանեան-Գէորգեան

Յաջորդը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Եւ Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատեն Դատական Հաշուեքննութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.