Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին, Իսկ Ռիատ Սալամէի Ինչքերը Կ՛ենթարկուին Պայմանական Կալանքի

Յուլիս 21, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել Կեդրոնական դրամատան պարագային կատարուելիք դատական հաշուեքննութեան թղթածրարը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հըթթի նախագահ Աունին ներկայացուց Հռոմ եւ Վատիկան իր կատարած այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապը: Քննարկուեցան երկիրը յուզող ընկերային, տնտեսական եւ կրթական տագնապները:

Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիզ Մոշիքիուա Պուի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր կազմակերպութեան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան հինգշաբթի, 23 յուլիս 2020-ին, կէսօրէ առաջ պիտի այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Նասիֆ Հըթթիի հետ:

Կը նախատեսուի, որ Լոտրիան Լիբանանի մէջ քննարկէ շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի, հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, վարչական, ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու, Լիբանանի սեփական դպրոցներու թղթածրարները:

Դատաւոր Մաքքի Պայմանական
Կալանքի Տակ Կ՛առնէ Ռիատ Սալամէի Ինչքերը

Պէյրութի դատախազութեան գործադիր ատեանի պետ, դատաւոր Ֆայսալ Մաքքի երէկ արձակեց վճիռ մը, որուն շրջագիծին մէջ պայմանական կալանքի տակ կ՛առնուին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի ինչքերը:

Ապպաս Իպրահիմ Կ՛այցելէ
Սաատ Հարիրիի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց արաբական տարբեր երկիրներ իր կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի յանձնառու է Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման` աւելցնելով, որ արաբական երկիրներուն հետ վարչապետ Հասսան Տիապի յարաբերութիւնները առկայ են, «իսկ Տիապի յայտարարութիւնները Հարիրիի չեն վերագրուիր», ըսաւ ան:

Պըրրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը
Կ՛ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ, որպէսզի բարի ապաքինում մաղթէ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին:

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով
Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2902-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2902-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 46 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 28-ը` տեղացիներ, իսկ 18-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 41 պարագաներ մահացած են, իսկ 1562 ուրիշներ` ապաքինած:

Նշենք, որ երէկ Սուրի Լիբանանեան իտալական հիւանդանոցին մէջ ծառայող բժիշկներէն 32-ամեայ Լուայ Իսմայէլ մահացաւ` «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով:

Լուայ Իսմայէլ Լիբանանի մէջ առաջին բժիշկն է, որ կը մահանայ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով:

Նախորդը

«Լիբանանահայութիւնը Համոզուած Է Պետականութեան Յղացքով Եւ Կը Զօրակցի Իշխանութեան Օրինականութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Բանակը Պատրաստ Է Հայաստանի Սահմանագօտին Պաշտպանելու Ամէն Տեսակի Ոտնձգութենէ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?