Լիբանանեան

Հիթթի. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Յանձնառու Պիտի Մնանք Եւ Որեւէ Բռնարարքի Դէմ Մեր Հայրենիքը Պիտի Պաշտպանենք»

Հիթթի. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Յանձնառու Պիտի Մնանք Եւ Որեւէ Բռնարարքի Դէմ Մեր Հայրենիքը Պիտի Պաշտպանենք»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութեան` առանց փոփոխութեան ենթարկելու զայն: «Միջազգային հանրութեան եւ արաբական դերակատարութեան կը վստահինք` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար: Մենք մեր հողերը պիտի պաշտպանենք իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի դէմ, իսկ շրջանին...

derian_firuznia_72720

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Եթէ Իսրայէլ Լիբանանի Դէմ Որեւէ Արկածախնդրութիւն Կատարէ, Ապա Անոր Ծանր Հարուած Պիտի Հասնի» Շեշտեց Ֆիրուզնիա

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Ֆիրուզնիա հաստատեց, որ Լիբանանի յատկացուող իրանեան օժանդակութիւնները կ՛ընդգրկեն բոլոր լիբանանցիները` իրենց շերտերով եւ համայնքներով: «Մենք բոլորին նեցուկ կը կանգնինք եւ միւֆթիին հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը», ըսաւ ան:...

Լիբանանեան Ազգային Քաղաքական Ուժերն Ու Անձնաւորութիւններու Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Կառավարութեան` Յանդուգն Որոշումներ Տալու

Լիբանանեան ազգային քաղաքական ուժերն ու անձնաւորութիւններու համախմբումը երէկ գումարեցին իր նիստը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին առողջապահական, տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի տարածումէն պէտք է զգուշանալ եւ հակակշիռին տակ առնել վիճակը` խստացնելով նախազգուշութիւնները: Հաղորդագրութիւնը դիտել կու...

Ցուցարարներ Կը Խուժեն Աշխատանքի Նախարարութեան Կեդրոն Եւ Կը Պահանջեն Եամմինի Հրաժարականը

Ցուցարարներ Կը Խուժեն Աշխատանքի Նախարարութեան Կեդրոն Եւ Կը Պահանջեն Եամմինի Հրաժարականը

Խումբ մը ցուցարարներ երէկ խուժեցին աշխատանքի նախարարութեան կեդրոն եւ պահանջեցին աշխատանքի նախարար Լամիա Եամմինի հրաժարականը` նկատի ունենալով տարբեր գործատէրերու կողմէ պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները անարդար կերպով աշխատանքէ արձակելու իրականութիւնը: Ցուցարարները պահանջեցին աշխատաւորներուն վիճակին վերանայիլ`  ընդգծելով, որ մերժելի է զանոնք անարդար կերպով աշխատանքէ արձակելը: Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2020-ին աշխատանքէ արձակուած են աւելի քան...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3750-ի, Մահուան Պարագաներունը` 51-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1692-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3750-ի, Մահուան Պարագաներունը` 51-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1692-ի

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Վաղը Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Քննարկելու Համար Աւելի  Խիստ Նախազգուշութիւններ Որդեգրելու Կարելիութիւնները «Քորոնա» համաճարակին «ուժգնութիւն»-ը սկսած է մտահոգիչ դառնալ լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանցիներուն համար: Սակայն մտահոգուելով հանդերձ, լիբանանցին հարիւր առ հարիւր չի գործադրեր նախազգուշական միջոցառումները, յատկապէս` քթակապի գործածութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ, եւ հակակշիռէ դուրս ելած է վարակման աղբիւրը ճշդելու կարողութիւնը, որ...

Նախագահ Աուն Երեսփոխանները Հրաւիրեց Վարչապետի  Նշանակման Պարտադիր Խորհրդակցութիւններու

Նախագահական Պալատի Մամլոյ Գրասենեակ. «Պետական Պաշտօնեաներու Նշանակման Գործիքակազմը Չեղեալ Նկատելու Սահմանադրական Խորհուրդի Որոշումը Մերժողները Չեն Ըմբռներ Սահմանադրութիւնը Կամ Կ՛անտեսեն Զայն»

Նախագահական պալատի մամլոյ գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ պետական պաշտօնեաներու նշանակման գործիքակազմը չեղեալ նկատելու Սահմանադրական խորհուրդի որոշումին գծով մերժումի ձայներ կը հնչեն: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սահմանադրական խորհուրդի այդ որոշումը մերժողները չեն ըմբռներ սահմանադրութիւնը կամ կ՛անտեսեն զայն: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումին դէմ արշաւներու ձեռնարկող քաղաքական ուժերուն ընթացքը զարմանք կ՛առթէ եւ մտածել...

Նեթանիահու. «Սուրիա Եւ Լիբանան Պատասխանատու Են Իրենց Տարածքներէն Իսրայէլի Վրայ Գործուելիք Որեւէ Յարձակումի»

Նեթանիահու. «Սուրիա Եւ Լիբանան Պատասխանատու Են Իրենց Տարածքներէն Իսրայէլի Վրայ Գործուելիք Որեւէ Յարձակումի»

Իսրայէլեան ուժերը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջաններուն վրայ կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ գտնուեցան, իսկ իսրայէլեան օդուժը ամբողջ օրուան ընթացքին խախտեց Լիբանանի օդային տարածքները եւ թռիչքներ գործեց լիբանանեան բոլոր շրջաններուն, նոյնիսկ` մայրաքաղաք Պէյրութի վերեւ: Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան օդուժը շուրջ 20 հետախուզական օդանաւերով թռիչքներ գործած է...

Ֆիրուզնիա. «Թեհրան Իրաւական Բոլոր Քայլերուն Պիտի Դիմէ` Դատապարտելու Համար Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւին Դէմ Ամերիկեան Կործանիչներուն Յարձակումը»

Ֆիրուզնիա. «Թեհրան Իրաւական Բոլոր Քայլերուն Պիտի Դիմէ` Դատապարտելու Համար Իրանեան Ճամբորդատար Օդանաւին Դէմ Ամերիկեան Կործանիչներուն Յարձակումը»

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա շաբաթ երեկոյեան այցելեց Պէյրութի «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը, ուր փոխադրուած էին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ բռնարարքի ենթարկուած օդանաւի վիրաւոր ճամբորդները: «Թեհրան իրաւական բոլոր քայլերուն պիտի դիմէ` դատապարտելու համար իրանեան ճամբորդատար օդանաւին դէմ ամերիկեան կործանիչներուն յարձակումը», հաստատեց ան` ընդգծելով ապագային նման դէպքեր կամ քայլեր արգիլելու անհրաժեշտութիւնը: Ֆիրուզնիա այցելեց վիրաւոր Ահմետ Սաֆիէտտինի, որուն մօտ ան հաստատեց, որ...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Եւ Բարեկարգումներ Կատարելու Առումով Համագործակցելու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Եւ Բարեկարգումներ Կատարելու Առումով Համագործակցելու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ կառավարութիւնը երկփեղկումի մթնոլորտէն պէտք է ձերբազատի: «Կոչ կ՛ուղղենք փտածութեան դէմ պայքարին եւ բարեկարգումներ կատարելու առումով համագործակցելու, սկսեալ ելեկտրականութեան ոլորտի բարելաւումէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը: Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց իր այն կեցուածքը, թէ Լիբանան պէտք է ըլլայ Արեւելքը Արեւմուտքին կապող կամուրջը` տնտեսական եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գործող անձնական համալսարանները իրենց նիւթական բոլոր գործառնութիւնները պէտք է կատարեն լիբանանեան պետութեան կողմէ ճշդուած տոլարի գնման պաշտօնական սակին` 1515 լիբանանեան ոսկիի  հիման վրայ: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները պիտի մնան անփոփոխ: ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 3404-ի, Մահուան Պարագաներունը`  46-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1666-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 3404-ի, Մահուան Պարագաներունը` 46-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1666-ի

Երկուշաբթի Օրուընէ Սկսեալ Մէկ Շաբթուան Համար Որոշ Վայրեր Պիտի Մնան Փակ  Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 3404-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 147 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 119-ը` տեղացիներ, իսկ 28-ը` Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 46 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1666 ուրիշներ` ապաքինած: «Քորոնա» համաճարակին արագ տարածումը կանխարգիլելու...

Եաագուպ Սարրաֆ Կը Դատապարտէ Հայաստանի Վրայ Ազրպէյճանի Սանձազերծած Յարձակումը

Եաագուպ Սարրաֆ Կը Դատապարտէ Հայաստանի Վրայ Ազրպէյճանի Սանձազերծած Յարձակումը

Նախկին նախարար Եաագուպ Սարրաֆ «Դիմատետր»-ի իր էջով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Հայաստանի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումը: «Կտրականապէս կը դատապարտեմ 12 յուլիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի վրայ գործուած ռազմական յարձակումը: Շատ մտահոգիչ է, որ այդ ռազմական գործողութիւններէն ետք Ազրպէյճան սպառնացած է Հայաստանի Մեծամօրի հիւլէական կայանը ռմբակոծել: Նման միջուկային սպառնալիքները անպատասխանատու են եւ պէտք է արժանանան Միջազգային հանրութեան...

Լը Տըրիան. «Մենք Պատրաստ Ենք Օժանդակելու,  Սակայն Պատասխանատուները Պէտք Է Ստանձնեն  Իրենց Պատասխանատուութիւնները»

Լը Տըրիան. «Մենք Պատրաստ Ենք Օժանդակելու, Սակայն Պատասխանատուները Պէտք Է Ստանձնեն Իրենց Պատասխանատուութիւնները»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան, որ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի, երէկ աւարտեց իր այցելութիւնը: Մեկնումի պահուն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Լը Տըրիան շեշտեց, որ Լիբանան դժուար իրավիճակի մէջ է: «Մենք պատրաստ ենք օժանդակելու, սակայն պատասխանատուները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը», հաստատեց ան: Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Լը...

Հըզպալլա. «Լիբանանցիներ Փոխադրող Ճամբորդատար  Օդանաւի Մը Թռիչքը Խանգարելու Փորձերը Կ՛ենթադրեն  Միացեալ Նահանգներու Դէմ Միջազգային Կեցուածք Ձեւաւորել»

Հըզպալլա. «Լիբանանցիներ Փոխադրող Ճամբորդատար Օդանաւի Մը Թռիչքը Խանգարելու Փորձերը Կ՛ենթադրեն Միացեալ Նահանգներու Դէմ Միջազգային Կեցուածք Ձեւաւորել»

Հըզպալլայի գրասենեակին կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, թէ Հըզպալլա խստիւ կը դատապարտէ այդ բռնարարքը, որ մարմնաւորուած է ամերիկեան կործանիչներու կողմէ ճամբորդատար օդանաւի մը սպառնալու եւ անոր դէմ ահաբեկչութիւն գործելու փորձերով: Դիտել տրուեցաւ, թէ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ նախանցեալ գիշեր իրանեան «Մահան» ճամբորդատար օդանաւին թռիչքը խանգարելու փորձը ահաբեկչական արարք է եւ վտանգաւոր քայլ մը, որ կրնար իր հետեւանքները ունենալ...

Նեխած Հաւերու Եւ Միսերու Գայթակղութեան  Կը Յաջորդէ Աւելի Քան 10 Թոն  Նեխած Ձուկի Եւ Քարիտեզի Բացայայտումը

Նեխած Հաւերու Եւ Միսերու Գայթակղութեան Կը Յաջորդէ Աւելի Քան 10 Թոն Նեխած Ձուկի Եւ Քարիտեզի Բացայայտումը

Երկրագործութեան նախարարութեան խմբակ մը երէկ Զալքայի մէջ ներխուժեց ձուկի պահեստանոց մը, ուր բացայայտուեցաւ աւելի քան 10 թոն նեխած ձուկ եւ քարիտեզ: Երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ յայտնեց, որ գտնուած ձուկերը նեխած են. անոնց ուտելու ժամկէտը աւարտած է փետրուարին, եւ արգիլուած է անոնց օգտագործումը: Միւս կողմէ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնէութենէն խմբակ մը երէկ ներխուժեց Զալքայի մէջ այլ պահեստանոց մը,...

Պէյրութի Մէջ .  Լոտրիան Կարեւորութեամբ Կը Շեշտէ  Բարեկարգումները Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

Պէյրութի Մէջ . Լոտրիան Կարեւորութեամբ Կը Շեշտէ Բարեկարգումները Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան երէկ հաստատեց, որ Պէյրութ այցելութեան իր կարգախօսն է` «Մեզի օգնեցէ՛ք, որպէսզի օժանդակենք ձեզի»: Նախանցեալ գիշեր Լիբանան հասած ֆրանսացի պաշտօնատարը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի, երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի ակնկալութիւնն է, որ բարեկարգումներն...

Իսրայէլ Կը Խոչընդոտէ Իրանէն Պէյրութ  Ուղղուող Ճամբորդատար Օդանաւի Մը Թռիչքը

Իսրայէլ Կը Խոչընդոտէ Իրանէն Պէյրութ Ուղղուող Ճամբորդատար Օդանաւի Մը Թռիչքը

Երէկ երեկոյեան Իրանէն Պէյրութ ուղղուող իրանեան «Մահան» ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւերէն մէկը իսրայէլեան կործանիչներու կողմէ ենթարկուեցաւ խոչընդոտումի: Իսրայէլեան կործանիչներ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ, յատկապէս մայրաքաղաք Դամասկոսի վերեւ, խոչընդոտեցին իրանեան ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւին թռիչքը, որուն հետեւանքով օդային ելեւէջը պատճառած են վիրաւորներ: Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ «Մահան» ընկերութեան պատկանող ճամբորդատար օդանաւը էջք կատարած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ,...

ՀՅԴ – Փաղանգաւոր Հանդիպում.  «Ապրիլ 24»-ը Ցեղասպանութեան  Յիշատակումի Օր Հռչակելու Օրինագիծ

Լիբանանի Խորհրդարանին Ներկայացուեցաւ Ապրիլ 24-ը Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Ասորիներու Ու Քաղդէացիներու Ջարդերը Ոգեկոչելու Ազգային Սգատօն Հռչակելու Օրինագիծը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ երէկ յայտնեց, որ խորհրդարան ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ կը պահանջեն 24 ապրիլը վերածել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու ջարդերը ոգեկոչելու ազգային սգատօնի, որպէսզի լիբանանցի նորահաս սերունդներուն ու ուսանողներուն մօտ ցեղապաշտութեան վտանգներուն նկատմամբ գիտակցութիւն արթնցուի, ինչպէս նաեւ ընդգծուի մարդկային իրաւունքները յարգելու կարեւորութիւնը: Հանքաշ մաղթեց, որ խորհրդարանը վաւերացնէ այդ օրինագիծը: Օրինագիծը ստորագրեցին...

Նախագահ Աուն Կութիերեսէն Զօրակցական  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ

Նախագահ Աուն Կութիերեսէն Զօրակցական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ստացաւ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը: Կութիերես ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ ՄԱԿ կը զօրակցի անոր եւ լիբանանցիներուն կը մաղթէ ամենայն բարիք: «ՄԱԿ կը զօրակցի այն ամէն ձեւերուն եւ միջոցներուն, որոնք պիտի որդեգրուին` Լիբանանը իր ներկայ տագնապալի կացութենէն փրկելու համար»,...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Վաւերացուց Երեք Օրինագիծեր

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Վաւերացուց Երեք Օրինագիծեր

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի եւ ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժարի, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք յանձնախումբը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յանձնախումբը իր նիստին ընթացքին վաւերացուցած է երեք օրինագիծեր, որոնցմէ...

Page 474 of 988 1 … 473 474 475 … 988

Արխիւներ