ՏԱՐ Ֆաթուա յայտարարեց, որ Ատհայի տօնը կը զուգադիպի ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-ին: Նշենք, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային տագնապները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Հանրապետութեան հանդիպումը, գլխաւորութեամբ` հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, որ ըսաւ. «Ռայի պատրիարքին կեցուածքը Լիբանանի գերիշխանութիւնը վերականգնելու յոյսերը ամրապնդեց»:
Ռայի պատրիարք ընդունեց նաեւ երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որ դիտել տուաւ, թէ ինք զօրակցութիւն յայտնած է Լիբանանը չէզոք պետութիւն յայտարարելու գծով Ռայի պատրիարքին կեցուածքին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Թալալ Հաուաթ ըսաւ, որ համացանցի ու բջիջային հեռաձայնի ցանցերու կայանները օժտուած են մազութով` աւելցնելով, որ այդ կայանները բնականոն կերպով պիտի շարունակեն բանիլ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթթա Պոմպարտիէն, որուն ներկայացուց Իտալիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: Հըթթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պուլկարիոյ դեսպան Պոյան Պիլեւ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ճնշումներ կը բանեցնէ այն դրամատուներուն վրայ, որոնց հետ կը գործակցի Կեդրոնական դրամատունը: «Այս ճնշումները կը միտին արգիլել հիմնական արտադրութիւններ ներածելու աշխատանքը», հաստատեց Ֆատլալլա:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ կատարեց Նապաթիէի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի, ինչպէս նաեւ Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժաայունի վերեւ` գործադրելով կեղծ յարձակումներ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ամերիկացի պատասխանատու անձնաւորութենէ մը, կը գրէ, թէ լիբանանեան բանակէն կը պահանջուի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքը դիւրացնել: