Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեխած Հաւերու Գայթակղութիւնը Կը Շարունակուի

Յուլիս 24, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ իր բոյն դրած փտածութիւնը մերթ ընդ մերթ իր դէմքը կը բացայայտէ նեխած եւ առողջապահական չափանիշները չամբողջացնող սննդամթերքի բացայայտումով:

Այս շրջագիծին մէջ առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան` ընկերակցութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերու խմբակի մը, երկու օր առաջ Զըքրիթի մէջ բացայայտեց հաւեղէնի մառան մը` «Ֆրէյհա Ֆուտ Քամփընի», ուր պահուած էին 2016-էն արդէն իսկ ուտելու ժամկէտը աւարտած հաւեղէն, որոնք կը վերարտադրուին եւ շուկայ կը մատուցուին այլ ձեւի արտադրութեամբ, յատկապէս իբրեւ նակեց եւ էսքալոփ:

Հասան հաստատեց, որ նեխած հաւեղէնը ինքնին քաղցկեղ կը պատճառէ:

Ան շեշտեց, որ շատ խիստ պիտի վարուին նման գայթակղութիւններու հետ, որոնք քաղաքացիներուն առողջութեան կը վնասեն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մաքսատան տնօրէն Պատրի Տահերին` հաստատելով, որ նման մառան մը ներխուժելը նուաճում է:

Բացուած հետաքննութեան համաձայն, Ֆրէյհա ընտանիքին պատկանող այս մառանէն կ՛օգտուին «Lipoul», «Carry» եւ «Shuman» վաճառանիշը կրող ընկերութիւնները:

Այս առումով տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաուլ Նաամէ հրապարակեց որոշում մը, որուն շրջագիծին մէջ արգիլեց «Lipoul», «Carry» եւ «Shuman» վաճառանիշը կրող արտադրութիւնները շուկայէն հաւաքել:

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար յայտնեց, որ շուկային մէջ գտնուած նեխած հաւեղէնը արդէն իսկ հաւաքած են` աւելցնելով, որ Զալքայի մէջ բացայայտուած է հաւեղէնի նոր մառան մը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է նախորդ 48 ժամուան ընթացքին բացայայտուած նեխած հաւերու գայթակղութեան:

Ապու Հայտար Նաամէի ցուցմունքներուն համաձայն ներխուժեց այդ մառանը:

 

 

Նախորդը

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերու Հիւսիսային Հրամանատարութեան Յաւելեալ Ուժեր Պիտի Տրամադրուին»

Յաջորդը

Տիապ. «Այն Ատեն, Երբ Երկրին Դէմ Ծառացող Մարտահրաւէրները Դիմակայելու Համար Պէտք Է Միասնական Ըլլանք, Կառավարութիւնը Քաղաքական Աղեղներու Թիրախ Կը Դառնայ»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?