Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան իրենց էջերուն վրայ գրառումով դրուատեցին 21 յուլիսին կառավարութեան վաւերացուցած կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն վերաբերող դատական հաշուեքննութեան հոլովոյթը:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այս քայլը շատ կարեւոր եւ հիմնական նկատեց փտածութեան դէմ պայքարի ուղիին վրայ` հաստատելով, որ անիկա պիտի ծառայէ փտած ընթացքի կասեցման: Ան աւելցուց, որ այս հոլովոյթը բոլորին պահակն է:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի չվերականգնի, եթէ դատական հաշուեքննութիւն չկատարուի հանրային եւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն ու կառոյցներուն մէջ, յատկապէս` բջիջայինի ընկերութիւններուն եւ քաղաքապետութիւններուն:
Ան 21 յուլիսը պատմական օր նկատեց, որովհետեւ այդ քայլով կը սկսի ընթանալ փրկութեան ուղիով: «Դատական հաշուեքննութեան հոլովոյթը յաղթանակ է իւրաքանչիւր պատուաւոր լիբանանցիի, սակայն ասիկա միայն սկիզբ է: