Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեշտելով Չէզոքութեան Կառչած Մնալու Լիբանանի Անհրաժեշտութիւնը . Ռայի Պատրիարքը Տիմանի Մէջ Ընդունեց Վարչապետ Տիապն Ու Ժըպրան Պասիլը, Իսկ Պքաաքաֆրայի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Սամիր Ժահժահի Հետ

Յուլիս 20, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց վարչապետ Հասսան Տիապը, որուն կ՛ընկերակցէին կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմիանոս Քաթթարը եւ վարչապետ Տիապի խորհրդատու Խտըր Թալեպը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը միշտ իւրայատուկ է: «Քննարկեցինք լիբանանեան շարք մը հարցեր, յատկապէս` ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական, որոնք կը տագնապեցնեն լիբանանցիները, եւ որոնք հետեւանք են Լիբանանի մէջ ելեւմտական ու տնտեսական սխալ քաղաքականութիւններու կուտակման», ըսաւ Տիապ` աւելցնելով, որ այս իմաստով լսած են Ռայի պատրիարքին ցուցմունքներուն, որոնք ազգային խորք ունին եւ ուսանելի ու իմաստուն խորհուրդներ են:

Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ այն յայտարարութիւնը, թէ իր նախագահած կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն է` այլեւս նման է կոտրուած սկաւառակի:

Տիապ նշեց, որ չէզոքութեան հարցը զուտ քաղաքական հարց է` աւելցնելով, որ տասնամեակներ շարունակ Լիբանան եղած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայրը եւ այդ յատկանիշը Լիբանանը հարստացնող աղբիւր է: «Այս իրականութիւնը պէտք է երկխօսութեան կիզակէտ ըլլայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն համար, որպէսզի այդ իրողութիւնը միաւորէ բոլորը, եւ ոչ թէ մասնատէ լիբանանցիները», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ կայ ներքին եւ արտաքին հզօր ալիք մը, որ ոչ միայն կառավարութեան վնաս կը հասցնէ եւ կառավարութիւնը կրնայ տապալել, այլ նաեւ` ամբողջ Լիբանանը:

«Իբրեւ կառավարութիւն սկսանք շնչել 1 մայիսէն սկսեալ, ինչպէս նաեւ գործադրեցինք մեծ թիւով բարեկարգումներ, որոնց մասին լիբանանցիները անտեղեակ են: Մեր կողմէ թերացումներ կ՛արձանագրուին, եւ կառավարութեան դէմ քաղաքական կեցուածքները հասկնալի են. անոնք ժողովրդավարական իրաւունք են, սակայն ելեւմտական եւ սննդեղէնի օժանդակութեան վերաբերեալ Լիբանանի դէմ կեցուածքները անհասկնալի են», հաստատեց Տիապ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի հետ բանակցութիւնները շարունակելու իմաստով Միջազգային դրամական ֆոնտին կեցուածքները դրական են` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին այդ բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան:

Վարչապետ Տիապ ընդգծեց, որ ինք պիտի չհրաժարի, որովհետեւ երկար ատեն այլընտրանք գոյութիւն պիտի չունենայ, եւ այդ արարքը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ ոճիր է: «Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանին, ապա խորհրդարանը ինքնիշխան է եւ կրնայ վերատեսութեան ենթարկել կառավարութեան շնորհած իր վստահութեան քուէն», նշեց ան:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ նախկին նախարար Մանսուր Պթայշի:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կը հաւատան լիբանանեան անկախ ինքնութեան, եւ լիբանանեան ազատ գոյացութեան, որ միայն լիբանանեան պատկանելիութիւն ունի եւ կը գերազանցէ այլ պատկանելիութիւններ:

«Չէզոքացումը անձնական որոշում մըն է, զոր մարդ անհատ կ՛որդեգրէ եւ կը գործադրէ, իսկ մենք այդ որոշումը կոչած ենք ինքզինք զերծ կացուցելու որոշում: Իսկ չէզոքութիւն մեզմէ եւ այլոց կողմէ պահանջուած որոշում մըն է, որ պէտք է գործադրուի:

Չէզոքութիւնը ռազմավարական դիրքաւորում մըն է եւ ընտրանք մը, որուն որդեգրումին պարագային` պէտք է վստահ ըլլանք անոր գործադրութեան կարելիութենէն եւ ապահովենք անոր յաջողութեան պայմանները, որոնք են.

Ա.- Ներքին լիբանանեան համախոհութիւն. որովհետեւ անկարելի է, որ բռնի ուժով եւ քինախնդրութեամբ անիկա յաջողի, այլ պէտք է համոզում ըլլայ եւ ազգային երկխօսութիւն: Մենք առաջարկած ենք լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւն կատարել տարբեր հարցերու շուրջ, յատկապէս տարակարծութիւններ պատճառող հարցերու, որոնցմէ Լիբանանի սահմանագծումը, այլապէս` ներքին երկփեղկում պիտի յառաջանայ, իսկ մեր նպատակը հարցերը հեռացնել է եւ չէզոքութեան ընդմէջէն պահպանել Լիբանանի հզօր կէտերը ու աւելցնել զանոնք:

Բ.- Այս իմաստով միջազգային եւ արտաքին հովանաւորութիւն ապահովել` տարբեր պետութիւններու կողմէ Լիբանանի հանդէպ յարգանքը երաշխաւորելու համար:

Գ.- Լիբանանի հարեւան երկիրները պէտք է ճանչնան այս սկզբունքը եւ յարգեն անոր գործադրութիւնը` Լիբանանի մէջ գտնուող արտաքին պայթուցիկ տարրերը հեռացնելով Լիբանանէն: Անոնցմէ են Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի բռնագրաւումը, ահաբեկչութիւնը, սահմանագծումի կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը», հաստատեց Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ իրենք համաձայն են այն չէզոքութեան, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի միասնականութիւնը` աւելցնելով, թէ չէզոքութիւնը պէտք է միասնականութեան միջոց ծառայէ եւ ոչ թէ ըլլայ երկփեղկումի եւ Լիբանանի մեկուսացման:

«Բազմազանութեան, ուրիշը ընդունելու եւ պատգամ երկիր եղող Լիբանանը պէտք է կայունութեան աղբիւր ըլլայ, ինչպէս որ է չէզոքութիւնը` համայնքային, յարանուանական եւ ցեղային տագնապներու ընթացքին: Մարոնի պատրիարքութիւնը լիբանանեան պատգամ երկիր ըլլալուն պաշտպան պահակն է: Մենք յաջողութիւն մաղթեցինք Ռայի պատրիարքին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցինք` այս իմաստով որեւէ աշխատանք կատարելու», եզրափակեց Պասիլ:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց  կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ չէզոքութիւնը համայնքային կամ որոշ կողմերու վերաբերող առաջադրանք չէ, այլ` լիբանանեան ինքնութեան եւ սովորութեան վերահաստատում: «Անիկա բոլոր լիբանանցիներուն` առանց բացառութեան, փրկութիւնն է, եւ կը մաղթեմ, որ չէզոք վարչակարգի յղացքին ճշմարտութեան մասին համոզումը ըլլայ իսկական եւ անաչառ: Թող կազմակերպուին երկխօսութիւններ, որոնք չէզոքութեան ազգային եւ քաղաքական իսկական իմաստը կը բացայայտեն, ինչպէս նաեւ` Լիբանանին եւ շրջանին բարգաւաճման կարեւորութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան աւելցուց, որ չէզոքութիւնը կ՛ենթադրէ հզօր պետութիւն մը` հզօր բանակով եւ կարողութիւններ ունեցող հաստատութիւններով, պետութիւն մը, որ կրնայ ինքզինք պաշտպանել եւ իր ժողովուրդին միասնականութիւնը պահպանել` ստեղծելով քաղաքական կայունութիւն եւ տնտեսական բարգաւաճում:

«Լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ իրենց ուրախութիւնը եւ փրկութիւնը չէզոք, գործունեայ եւ աշխուժ վարչակարգն է: Անիկա լիբանանեան ինքնութիւնն իսկ է եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը կը դրսեւորէ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարք անդրադարձաւ նաեւ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի պաշտօնէութեան անարդար կերպով աշխատանքէ արձակելու որոշումին` կոչ ուղղելով օժանդակութեան ձեռք երկարելու անոնց եւ արգիլելու նոր դժբախտութիւն մը, որ կ՛աւելնայ դպրոցներու, համալսարաններու, զբօսաշրջական հաստատութիւններու, պանդոկներու եւ այլ մարզերու դժբախտութիւններուն վրայ:

Ռայի պատրիարքը իր քարոզը աւարտեց ակնարկելով Մար Շարպելի կենսագրութեան` ընդգծելով հոգեւորական դառնալու անոր կոչումը, որ զինք հասցուց սրբադասման` նկատի ունենալով անոր հրաշագործութիւնները:

Նշենք, որ Մար Շարպելի ծննդեան առիթով Ռայի պատրիարք շաբաթ գիշեր այցելեց Պքաաքաֆրա` Շարպելի ծննդավայրը:

Պքաաքաֆրայի մէջ Ռայի պատրիարք դարձաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի ընթրիքի հիւրը:

Այս առիթով Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը գործնական քայլերու պիտի դիմէ Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքը գործնականացնելու համար: «Այս իմաստով մենք քաղաքական գործնական քայլեր պիտի առնենք: Ռայի պատրիարքին կոչը պիտի վերածուի ձիւնագնդակի մը, որ Լիբանանը պիտի մաքրէ իր կեղտերէն», ըսաւ Ժահժահ:

Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, թէ Ռայի պատրիարքը չէզոքութեան մասին իր կեցուածքէն ետք, առաջին այցելութիւնը պիտի կատարէ դէպի Վատիկան, իսկ աշնան ան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, տեղւոյն նախագահական ընտրութիւններէն ետք:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2859-ի, Մահուան Պարագաներունը` 40-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1515-ի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կ՛ընդգծէ Ելեւմտական Դատական Հաշուեքննութեան Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?