Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն մէջ նշեց, թէ փտածութեան դէմ մղուած պայքարը անիմաստ է, եթէ չկատարուի ելեւմտական դատական հաշուեքննութիւն:
«Առանց ելեւմտական դատական հաշուեքննութեան անկարելի պիտի ըլլայ իմանալ, թէ Լիբանանի պետական գումարները ինչպէ՛ս մսխուեցան: Հաշուեքննութեան միջոցով է, որ կարելի պիտի ըլլայ զատորոշել պարկեշտները եւ դատապարտել փտածները», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Միջազգային Դրամական Ֆոնտ. «Լիբանան Տնտեսական Շատ Դժուար
Վիճակի Մէջ Է Եւ Բանակցութիւնները Ոչինչ Կրցած Են Իրականացնել»
Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէնը յայտնեց, որ Լիբանան տնտեսական շատ դժուար վիճակի մէջ է, ան կարիքը ունի կատարելու բարեկարգումներ` շրջանցելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապը:
«Լիբանանի հետ մեր բանակցութիւնները ոչինչ կրցած են իրականացնել, սակայն մենք յանձնառու պիտի մնանք Լիբանանին եւ պիտի շարունակենք Լիբանանի կառավարութեան հետ մեր բանակցութիւնները», հաստատեց ան: Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէնը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` աշխատելու միացեալ նպատակի մը համար, որպէսզի կարելի ըլլայ որդեգրել այնպիսի քայլեր, որոնք կը հաւասարակշռեն երկրին տնտեսութիւնը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` կառչած մնալու բարեկարգումներու գործադրութեան: