Իսրայէլեան Օդուժը Երէկ Երեկոյեան Պէյրութի, Մեթնի, Պաապտայի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Վերեւ Թռիչքներ Կատարեց
Իսրայէլեան օդուժը երէկ երեկոյեան թռիչքներ կատարեց Պէյրութի, Մեթնի, Պաապտայի եւ Հարաւային արուարձաններուն վերեւ` սարսափի մատնելով բնակիչները:
Իսրայէլեան օդանաւերը թռիչքներ գործեցին նաեւ Ճիւնիի եւ Քեսրուանի վերեւ, իսկ Սայտայի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ անոնք գործեցին նաեւ կեղծ յարձակումներ:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան չորս օդանաւեր ոտնձգութիւններ գործած են Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` խախտելով Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը:
Share This Article