Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանի Խօսքը Պիտի Արտասանէ Լիբանանի Օժանդակութեան Առցանց Խորհրդաժողովին Ընթացքին

December 2, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ Լիբանանի օժանդակութեան առցանց խորհրդաժողովին ընթացքին:

Խորհրդաժողովին խորագիրն է «Պէյրութի եւ լիբանանցիներու օժանդակութեան միջազգային Բ. խորհրդաժողով», որուն պիտի նախագահէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի:

Նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն` յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդող փուլին, ինչպէս նաեւ «Քորոնա»-ի համաճարակին հետեւանքներուն:

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան բանբերը հաստատեց, որ Բրիտանիա պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան առցանց խորհրդաժողովին` աւելցնելով, որ Բրիտանիա խիստ պատգամներ պիտի յղէ լիբանանցի ղեկավարներուն եւ պատասխանատուներուն` անոնց մղելով աշխատանքի եւ բարեկարգումները կատարելու:

Բանբերը հաստատեց, որ թափանցիկութիւնը, հաշուետուութիւնն ու պատասխանատուութիւնը հիմնական ազդակներ են Լիբանանի վերականգնումին առումով, իսկ Լիբանանի տագնապին լուծումը լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն մօտ կը գտնուի:

«Լիբանանցիները աւելի լաւ ապագայի մը արժանի են, իսկ Բրիտանիան յանձնառու կը մնայ լիբանանցիներուն նկատմամբ», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը, Եւրոպական Միութեան դեսպանի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, Միջազգային դրամատան շրջանային տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որոնք նախագահ Աունին ներկայացուցին Լիբանանի բարեկարգումին եւ վերակառուցման համար մշակուած ծրագիրը` 2 միլիառ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց երեք պատասխանատուներուն` շեշտելով, որ Լիբանան յոյս դրած է «Պէյրութի եւ լիբանանցիներու օժանդակութեան միջազգային Բ. խորհրդաժողով»-ին վրայ:

Ան նշեց, որ խորհրդարանին իր յղած նամակը` իրաւական հաշուեքննութեան կարեւորութեան գծով, ընդառաջում գտած է եւ այդ իմաստով յստակ որոշում գոյացած` Կեդրոնական դրամատան, նախարարութիւններուն եւ լիբանանեան պետական բոլոր վարչութիւններուն եւ հաստատութիւններուն հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու` առանց դրամատնային գաղտնիութիւնը պատճառաբանելու իբրեւ խոչընդոտ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով շնորհաւորագիրներ ստացաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն եւ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանէն:

Նախորդը

Տիապ Նախագահեց «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Քայլերու Եւ Տօնական Ամսուան Ընթացքին Ապահովական Միջոցառումներու Յատուկ Նիստի Մը

Յաջորդը

Մոլտովայի Նորընտիր Նախագահը Մերձտնեսթրէն Ռուսական Զօրքերու Դուրս Բերման Ի Նպաստ Արտայայտուած Է

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.