Բրիտանիոյ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի հարցերու պետական նախարար Ճէյմս Քլեվըրլի երէկ հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու այս գծով Բրիտանիոյ օժանդակութեան կարելիութիւնները: Հանդիպումներուն ներկայ էին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպէլ Ուեհպէ եւ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ:



