ԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ուժեր երէկ խուզարկեցին կարգ մը փախստականներու բնակարանները Հերմելի շրջանին մէջ: Բնակարաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուեցան 13 քկ թմրեցուցիչ եւ յարակից նիւթեր, ինչպէս նաեւ` զինամթերթք: Հետախուզութիւնները կը շարունակուին` ձերբակալելու համար փախստականները:
ՄԱԶՈՒԹԻ զգալի տագնապ կը տիրէ Պեքաայի շրջանին մէջ, յատկապէս` ձմրան ցուրտ եղանակի սեմին: Այս գծով արդէն իսկ սեւ շուկայ յառաջացած է մազութի սակագինին գծով: Զանազան աղբիւրներու համաձայն, վերջին քանի մը ամիսներուն տիրող այս տագնապը հետեւանք է Թրիփոլիի եւ Զահրանիի պատկան ընկերութիւններու որդեգրած խնայողական ծրագիրին:
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ մէջ ուսանողներու ծնողներ երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Կեդրոնական դրամատան առջեւ` պահանջելով «ուսանողական տոլար»-ի յատուկ դասաւորումին կիրարկումը: Անոնք փակեցին Համրայի Կեդրոնական դրամատան առաջնորդող ճամբան` դիտել տալով, որ ամիս մը արդէն անցած է նշեալ որոշումէն, եւ ցարդ գործնական քայլ չէ առնուած անոր գծով:
ՆԻԿԵՐԻՈՅ մէջ Լիբանանի դեսպան Հուսամ Տիապ երէկ հանգստացուց, թէ «Կլոպըլ շիփինկ քոմփանի»-ի առեւանգեալ նաւաստիներու հարցին գծով անհրաժեշտ քայլերուն դիմած է, եւ առեւանգիչներուն հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` փրկելու համար պատանդները, որոնց կարգին կան երեք լիբանանցիներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ պատասխանատուներէն Իպրահիմ Մուսաուի այսօր խօսք մը պիտի արտասանէ Արդարութեան պալատին առջեւ, ուր Հըզպալլայի անդամներ եւ համակիրներ պիտի համախմբուին առաւօտեան ժամը 10:30-ին` դատական հայց ներկայացնելու բոլոր այն անձնաւորութեանց ու հաստատութեանց դէմ, որոնք Հըզպալլան ամբաստանած են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատու ըլլալու յանցանքով:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի «Միտըլ իսթ» ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութի հետ: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան նշեալ ընկերութեան առնչուող հարցերու եւ տօնական օրերուն որդեգրուելիք միջոցառումներուն վրայ:


