
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրով վարակումի 1520 պարագայ եւ 12 մահ արձանագրուած է:
Այս գծով պատկան մարմիններ վերահաստատեցին կանխազգուշական միջոցառումներու որդեգրումի անհրաժեշտութիւնն ու անոնց գծով խստապահանջութեան հրամայականը: