Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տերոշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ծովային Սահմանագծումին Վերաբերող Հարցեր

December 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն մասնակցող ամերիկացի միջնորդ Ճոն Տերոշէն: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, դեսպանատան քաղաքական կցորդ Օտրի Քիրենի, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, նախագահ Աունի խորհրդականներ Պուլոս Մաթար եւ Ուսամա Խաշշապ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր ցամաքային եւ ծովային գերիշխանութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մաղթէ, որ ծովային սահմանագծումը յաջողութեամբ կատարուի, որովհետեւ անիկա կ՛ամրապնդէ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթ կ՛ընձեռէ բնական կազի եւ նաւթի բնութեան հարստութիւնները օգտագործելու:

Ան շեշտեց, որ սահմանագծումի  բանակցութիւններուն ընթացքին բացայայտուած դժուարութիւնները կարելի է լուծել` ծովային սահմանագծումի միջազգային կանոններուն շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը բանակցի յստակ ցուցմունքներու հիման վրայ: «Բանակցութիւններուն շարունակութիւնը կարեւոր է` իրականացնելու համար անոնց նպատակը, իսկ եթէ որեւէ ձեւով խոչընդոտուին այդ բանակցութիւնները, ապա կարելի է այլընտրանքներու մասին մտածել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Տերոշէ ներկայացուց բանակցութեանց տարբեր փուլերը` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը շարունակուին ապահովելով բոլորին շահերը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերակցութեան Բ. փոխնախագահ Ժորժ Նասրաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց ճարտարարուեստի մարզին համար բոլոր դիւրութիւնները ապահովելու կարեւորութիւնը, որպէսզի այդ մարզը յաջողի ու բարգաւաճի:

Ան նկատել տուաւ, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վերացնելու համար ճարտարարուեստի մարզին սպառնացող վտանգներն ու խոչընդոտները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր յետմիջօրէին, Պաապտայի մէջ:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին երկրին ապահովական իրավիճակն ու «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու նպատակով որդեգրուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութեան մանրամասնութիւնները:

Էլիզէի Պալատը Չի Կրնար Հաստատել Այս Ամսուան Ընթացքին
Մաքրոնի Լիբանան Այցելութեան Կարելիութիւնը

Միւս կողմէ, Էլիզէի պալատի աղբիւրներ երէկ հաստատեցին, որ կարելի չէ հաստատել, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այս ամսուան ընթացքին Լիբանան կրնայ այցելել թէ ոչ` նկատել տալով, որ Լիբանանի համար առաջարկուած ֆրանսական նախաձեռնութեան առումով ոչ մէկ պահանջ գործադրուած է:

Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Լիբանանի ելեւմտական կացութեան վատթարացումը Կեդրոնական դրամատան հաշիւներու իրաւական հաշուեքննութեան կարեւորութիւնը կը յուշէ:

Էլիզէի պալատի աղբիւրները շեշտեցին, որ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները ցարդ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցած են, ինչպէս նաեւ պիտի չօժանդակեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւնները Շրջանցել»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Երէկ Երեկոյեան Պէյրութի, Մեթնի, Պաապտայի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Վերեւ Թռիչքներ Կատարեց

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.