Պուրճ Համուտի Զարկերակը
Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երկրորդ շաբաթն ըլլալով «Նապատ Պըրժ Համմուտ» («Պուրճ Համուտի զարկերակը») խորագիրով յատուկ յայտագիր մը պիտի պատկերասփռէ յառաջիկայ երկուշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2020-ի գիշերուան ժամը 10:40-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Յայտագիրը կ՛անդրադառնայ աւելի քան հարիւրամեայ այս փոքրիկ քաղաքի` Պուրճ Համուտին եւ անոր բնակչութեան առեւտրական, ճարտարարուեստական ու յատկապէս` հայկական աւանդութիւններուն, առանձնայատկութեանց եւ իրագործումներուն:
Յայտագիրին առաջին մասը պատկերասփռուեցաւ երկուշաբթի, 30 նոյեմբեր 2020-ին, նշեալ կայանէն (եւ ապա` դիմատետրէն եւ «Եութիուպ»-էն)` իր վրայ կեդրոնացնելով Լիբանանի եւ աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր դիտողներու ուշադրութիւնը:
https://www.mtv.com.lb/vod/en/live
Share This Article