Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Արտաքին Իրադարձութիւնները Նոր Կառավարութիւն Մը Կազմելու Յոյսեր Չեն Ներշնչեր»

December 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին իրադարձութիւնները Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու յոյսեր չեն ներշնչեր:

Ան նկատել տուաւ, որ իր դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատման մասին յստակ տեղեկութիւններ չունի եւ ոչ ալ գիտէ, եթէ այդ կարելիութիւնը չքացած է կամ ոչ:

«Ոչինչ կը վախցնէ զիս կամ կը մղէ զիս զգուշաւոր ըլլալու Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուս մէջ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու մէջ օրէնսդրական հաստատութիւններն ու վարչակազմը տարբեր բաներ են: Այս իմաստով կան շատախօսներ եւ իմ դերակատարութենէս նեղացողներ. ես բոլոր անոնց կ՛ըսեմ, որ ներքին եւ արտաքին իմաստով իմ դերակատարութիւնս պիտի շարունակեմ դրական կերպով եւ ջանալով Լիբանանը զետեղել միջազգային քարտէսին վրայ», ըսաւ ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ պատժամիջոցներու բանեցումին մասին Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ այդ պատժամիջոցները կրնան քաղաքական ըլլալ եւ փտածութեան հետ ոչ մէկ կապ ունենալ: «Միացեալ Նահանգներու կողմէ բանեցուած ճնշումի քաղաքականութիւնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ, ինչպէս նաեւ կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը ունենալ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպելի կատարած այն յայտարարութեան, թէ այս փուլին քաղաքական սպանութիւններ կը նախատեսուին, Իպրահիմ ըսաւ. «Այս փուլին իւրաքանչիւր պատասխանատու պէտք է զգուշանայ, որովհետեւ ամէն բան իրար անցած է, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքին ի տես: Շրջանին եւ աշխարհին մէջ այսօր կան գաղտնի սպասարկութեանց ցանցեր, որոնք առիթը յարմար կը նկատեն հաշիւներ մաքրելու եւ որոնք կրնան հասնիլ քաղաքական անձնաւորութիւններու մաքրագործումին»:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ այդ թղթածրարը աւելի միջազգային է, քան տեղական եւ լիբանանեան:

Նախորդը

Ընդհանուր Դատախազութիւնը 8 Սպաներ Ամբաստանեց Ապօրինի Հարստացման Յանցանքով

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կը Մերժենք Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւնները Շրջանցել»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.