Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Օժանդակութեան Առցանց Խորհրդաժողովը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Կազմելու Կառավարութիւն Մը Եւ Կատարելու Պահանջուած Բարեկարգումները

Դեկտեմբեր 3, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պէյրութի եւ լիբանանցիներու օժանդակութեան միջազգային Բ. խորհրդաժողով»-ը սկսաւ երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առցանց դրութեամբ եւ նախագահութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի:

Խորհրդաժողովը կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը եւ կատարելու պահանջուած բարեկարգումները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մաքրոն, որ յայտնեց, թէ լիբանանցիներուն նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը կայ ու կը մնայ, սակայն անիկա լիբանանեան իշխանութիւններուն տեղը չի գրաւեր:

Մաքրոն հաստատեց, որ Փարիզի պարտականութիւնն է, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, սատարել Լիբանանին եւ անոր կարիքները փորձել գոհացնել` միջազգային օժանդակութիւնը ամրապնդելով:

Մաքրոն ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք լիբանանցիներուն 20 առ հարիւրը կ՛ապրի աղքատութենէն աւելի ցած մակարդակի վրայ` աւելցնելով, որ խորհրդաժողովը պիտի օժանդակէ Լիբանանին, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի հրաժարի իր խոստացած եւ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները կատարելէ:

Ան շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ հետապնդել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնները, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներուն իրագործումը:

Մաքրոն նշեց, որ որոշուած է հիմնել ֆոնտ մը, որուն տնօրինումը կը ստանձնէ Միջազգային դրամատունը` Լիբանանին ներկայացնելու համար մարդասիրական օժանդակութիւններ:

Մաքրոն կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու Լիբանանի կառավարութիւնը եւ ճշդելու բարեկարգումներու ուղեգիծը, այլապէս` միջազգային օժանդակութիւններ պիտի չտրամադրուին:

Մաքրոն նաեւ հաստատեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան:

 

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խորհրդաժողովին ընթացքին յղեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Լիբանան որոշած է իրաւական հաշուեքննութիւն կատարել` աւելցնելով, որ ատիկա ցոյց պիտի տայ երկրին տնտեսութիւնը ոչնչացնող բոլոր պատասխանատուները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այսօրուան առաջնահերթութիւնը քաղաքական բոլոր ուժերուն վրայ կիրարկուող միացեալ չափանիշներու հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնն է` աւելցնելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութենէն կը պահանջուի գործադրել հիմնական բարեկարգումներ, վերակառուցել Պէյրութը եւ տնտեսական ու ելեւմտական ապաքինման ծրագիր մշակել:

Ան նկատել տուաւ, որ ներկայիս Լիբանան բանակցութիւններ կը կատարէ Միջազգային դրամատան հետ` ստանալու համար 246 միլիոն տոլարի վարկ մը, որպէսզի կարենայ ընկերային ապահովութեան ցանց մը հիմնել:

Նախագահ Աուն շեշտեց միջազգային օժանդակութեան կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա հիմնական է, ի՛նչ ալ ըլլան անոր տարրերը, գործիքակազմն ու միջոցները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շեշտեց Պէյրութի նաւահանգիստը վերակառուցելու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով լիբանանցի ղեկավարներուն իրենց տարակարծութիւններն ու շահերը մէկդի դնելու եւ ապահովելու քաղաքացիներուն կարիքները:

Կութիերես յայտնեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ երկրին կայունութիւնը եւ բարօրութիւնը հաստատելու ուղին երկար է:

Միջազգային դրամատան տնօրէն Տէյվիտ Մալփաս վերստին կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն ընկերային ապահովութեան ցանց մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ամբողջական եւ անհրաժեշտ բարեկարգումներ կատարելու, յատկապէս ելեւմտական մարզին վերաբերեալ:

Մալփաս յայտնեց, որ Միջազգային դրամատունը պատրաստ է օժանդակելու լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, պայմանով որ Լիբանան յանձնառու մնայ Պէյրութի նաւահանգիստը աւելի լաւ կերպով վերակառուցելու ուղեգիծին:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անհրաժեշտ նկատեց կազմել կարող եւ թափանցիկ կառավարութիւն մը, որ կարենայ իրագործել բարեկարգումները:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի հաստատեց Լիբանանին նեցուկ կանգնելու եւ նման մարտահրաւէրներու դիմաց զայն առանձին չձգելու կարեւորութիւնը:

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես յայտնեց, որ աշխարհը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան շրջանցէ իր տագնապները:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու լիբանանցիին բարօրութիւնը Կիպրոսի համար առաջնահերթութիւն է:

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթի ընդգծեց Լիբանանի հանդէպ Իտալիոյ զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի համար պիտի առաջադրուին 11 միլիոն եւրօ արժողութեամբ նախաձեռնութիւններ:

Շուէտի վարչապետ Սթեֆան Լոֆվըն հաստատեց, որ Շուէտ Լիբանանին 21 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն կատարած է` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է կազմէ կառավարութիւն մը եւ պայքարի փտածութեան դէմ:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօ ընդգծեց Լիբանանի մէջ թափանցիկութեան վրայ հիմնուած լուրջ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը` հաստատելով Քանատայի զօրակցութիւնը լիբանանցիներուն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ շեշտեց, որ ապագային կատարուելիք որեւէ օժանդակութիւն պայմանաւորուած է լիբանանցիներուն կողմէ կատարուելիք բարեկարգումներով:

Հէյլ յայտնեց, որ Հըզպալլա ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Լիբանանի կայունութեան վրայ` միջազգային ընտանիքէն պահանջելով Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն յայտարարել:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միթսութաքիս շեշտեց, որ Յունաստան պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որովհետեւ ան դժուարութիւններու կ՛ենթարկուի:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը շեշտեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` տրամադրելով առեւտրական աշխուժ գործակցութիւն:

Զուիցերիոյ նախագահ Սիմոնեթա Սոմարոկա հաստատեց, որ Զուիցերիա աւելի քան տարիէ մը ի վեր կ՛օժանդակէ Լիբանանին` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը միայն միջազգային օժանդակութիւններուն ընդմէջէն կարելի չէ լուծել:

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտնեց, որ Սպանիա պատրաստակամ է վերանորոգելու այն դպրոցները, որոնք վնասներ կրեցին 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին` ընդգծելով նոր կառավարութեան մը անյապաղ կազմութիւնը, Լիբանանի հանդէպ միջազգային ընտանիքին վստահութեան վերահաստատումն ու ներդրումներու ապահովումը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց Լիբանանին օժանդակութիւնը շարունակելու վճռակամութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները այս դժուար պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն մէջ կարելի չէ լքել:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին «Հատաս» կայանը իր տեղեկութիւնները քաղելով Էլիզէէն, հաղորդեց, որ Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութիւններուն դիմաց պէտք է բարեկարգումներ կատարելու երաշխիքները տրուին, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական դասին նկատմամբ վստահութիւն չկայ:

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Երէկ Երեկոյեան Պէյրութի, Մեթնի, Պաապտայի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Վերեւ Թռիչքներ Կատարեց

Յաջորդը

Վիթալի Բալասանեան Նշանակուեցաւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?