Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Ելեկտրոնային Հարթակին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Յունուար 29, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան եւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Համատ Հասան եւ Մանալ Ապտել Սամատ երէկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին մեկնարկը կատարեցին ելեկտրոնային հարթակին:

Հասան հաստատեց, որ իրենց նպատակն է ճշգրիտ տեղեկութիւնները հաղորդել քաղաքացիներուն` յոյս յայտնելով, որ անոնք կը համագործակցին կառավարութեան նախաձեռնութեան հետ` հաւաքական դիմադրողականութիւն ապահովել կարենալու, որպէսզի այդ ձեւով պայքարին «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ:

Հասան յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանանի պետական հիւանդանոցներուն մէջ անկողիններուն թիւը պիտի հասնի 300-ի, ինչ որ հսկայ նուաճում կը նկատուի:

Հասան շեշտեց, որ ստեղծուած հարթակը հիմնուած է հաւասարութեան սկզբունքին վրայ` աւելցնելով, որ հոն աշխարհագրական, տեղայնական, քաղաքական եւ համայնքային շահեր չկան: Ան նաեւ ընդգծեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը բծախնդրութեամբ պիտի վարուի ճշդուած չափանիշներուն հետ:

Իր կարգին, Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութիւնը իր խոստումը կատարած է թափանցիկութեան գծով եւ տեղեկութիւնները հաղորդելու առումով: Ան շեշտեց, որ 20-59 տարիքի քաղաքացիներուն մօտ վարակուածներու բարձր համեմատութիւն կայ:

«Բոլոր տեղեկութիւններն ու զարգացումները ճշգրիտ կերպով պիտի յայտարարուին, իսկ պատուաստումի որոշումը կը տրուի միայն քաղաքացիին կողմէ», ըսաւ ան:

Ապտել Սամատ շեշտեց, որ լրագրողները պատուաստուելու իմաստով առաջնահերթութիւն կը նկատուին, որովհետեւ եթէ լրագրողը վարակուի, ապա լուրը պատրաստող եւ հաղորդող չ՛ըլլար:

Ան յայտնեց, որ առողջութիւնը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ լրատուամիջոցներուն հետ շարք մը հանդիպումներ պիտի կայանան` մեկնարկելու համար «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարող տեղեկատուական ծրագիր մը:

Միւս կողմէ, առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց տեղակատուութեան մարզին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` լիբանանցիներուն մօտ քարոզչութիւն կատարելու եւ պատուաստը ստանալու առումով զանոնք քաջալերելու:

Արաժի շեշտեց, որ պատուաստը կողմնակի լուրջ ազդեցութիւններ չունի եւ ցարդ անոր պատճառով մահուան պարագայ չէ արձանագրուած:

Արաժի նաեւ ընդգծեց, որ եթէ լիբանանցիներուն 80 առ հարիւրը պատուաստուի, ապա անիկա շատ կարեւոր իրագործում կարելի է նկատել երկրին տնտեսութեան համար:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով 3497 վարակուածներ եւ 68 մահացածներ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը շեշտեց, որ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հիւանդանոցներուն մէջ բուժման պարագաները, յատկապէս վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ, նուազած են:

Նշենք, որ Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարար Հալա Զայետ երէկ հասաւ Լիբանան: Ան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ յանձնեց եգիպտական օժանդակութիւնը լիբանանեան պետութեան:

Զայետ նշեց, որ Եգիպտոս երկու օդանաւ դեղորայք, բուժօգնութիւն եւ բժշկական սարքերու օժանդակութիւն ուղարկած է լիբանանեան պետութեան, իսկ երրորդ օդանաւ մը հասած է Արաբական լիկային կողմէ:

Զայետ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Հասան շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները դժուար են, Լիբանան ծանր իրավիճակ եւ արտակարգ պայմաններ կը դիմագրաւէ: «Սակայն մենք կը հաւատանք, որ արաբական շրջանակներուն համագործակցութեամբ եւ Լիբանանի զօրակցելու միակամ կեցուածքով կարելի պիտի ըլլայ այդ մարտահրաւէրը շրջանցել:

Իր կարգին, Զայետ դիտել տուաւ, որ լիբանանցի ժողովուրդը կարողութիւն ունի հանդուրժելու, դիմադրելու եւ մարտահրաւէրները շրջանցելու:

«Այս իմաստով լիբանանցիները ուսանելի օրինակ դարձած են աշխարհին: Ես կը հաւատամ, որ Լիբանան իր փառքը պիտի վերահաստատէ», ըսաւ ան:

Զայետ այցելեց Պէյրութի եգիպտական դաշտային հիւանդանոցը, ուր ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր մարտահրաւէրէ ետք լիբանանցի ժողովուրդը կը փաստէ պայքարի եւ գոյատեւելու իր կարողութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Եւ Ապահովութեան Ուժերը Կ՛օժանդակեն Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանութեան` Պարտադրելու Ընդհանուր Փակումի Որոշումը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Արդարութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?