Լիբանանեան

Լիբանանի Կը Սպասէ Քաղաքական  Անորոշութեամբ Խորհրդանշուող Շաբաթ Մը

Լիբանանի Պարզած Ոչ Նախանձելի Իրավիճակի Լոյսին Տակ. Վերանորոգ Ճիգեր` Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Լիբանան կը գոյատեւէ առանց կառավարութեան, մինչ հրաժարեալ կառավարութեան պաշտօնակատար նախարարները կը շարունակեն ամբողջացնել առկախ մնացած հարցերու դասաւորումը: Այլ խօսքով` գործադիր իշխանութեան կազմութեան ձգձգումը առաւել եւս կը բարդացնէ երկրին ոչ նախանձելի իրավիճակը: Փաստօրէն, ամերիկեան տոլարի սակին սեւ շուկային մէջ սրընթաց բարձրացումը ի հեճուկս լիբանանեան թղթոսկիի սակագինին ու անոր հետեւող սղաճը, «Քորոնա» համավարակին պատճառած զոհերը եւ այդ...

Լիբանանցի Մտաւորական Եւ Քաղաքացիական  Գործիչ Լոքման Սլիմ Սպաննուեցաւ

Լիբանանցի Մտաւորական Եւ Քաղաքացիական Գործիչ Լոքման Սլիմ Սպաննուեցաւ

Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի վեցամսեակին նախօրեակին` չորեքշաբթի, 3 փետրուարի երեկոյեան լիբանանցի մտաւորական եւ քաղաքացիական գործիչ Լոքման Սլիմ անծանօթներու կողմէ սպաննուեցաւ: Անոր անշնչացած մարմինը գտնուեցաւ երէկ կանուխ առաւօտեան իր վարձու ինքնաշարժին մէջ, Զահրանիի մայրուղիին կից Ապպուսիէ թաղամասին մէջ: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, ան նախորդ գիշեր իր մէկ բարեկամին տուած այցելութենէն ետք հետապնդուած եւ ատրճանակի չորս փամփուշտի զարկերով սպաննուած էր: Ըստ...

«Քորոնա»-ի Աւերներու Լոյսին Տակ շ  Նախազգուշական Միջոցառումները  Կը Շարունակուին

«Քորոնա»-ի Աւերներու Լոյսին Տակ շ Նախազգուշական Միջոցառումները Կը Շարունակուին

«Քորոնա» համավարակը երէկ շարունակեց հարուածել Լիբանանը` խլելով 82 զոհ եւ պատճառելով 3107 վարակումի նոր պարագաներ: Այս գծով տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ, առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Սաննանի եւ այլ ներկայացուցիչներու հետ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց համավարակի դիմակալման ծրագիրի նախագիծը: Ան կոչ ուղղեց լրագրողներուն եւ հանրային անձնաւորութիւններուն թելադրելու քաղաքացիներուն, որ ստանան պատուաստը եւ բացատրեն անոր առաւելութիւններն ու կարեւորութիւնը:...

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու  Կամ Նոր Դրութիւն Որդեգրելու  Կարելիութիւնները Կրնան Յստականալ Այսօր

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Կամ Նոր Դրութիւն Որդեգրելու Կարելիութիւնները Կրնան Յստականալ Այսօր

Մինչ կառավարութիւնը կը սերտէ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգելու թէ այլ վարչական տնօրինումներ որդեգրելու կարելիութիւնները, երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութիւնը հաստատեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 3320 նոր վարակուածներ եւ 89 մահացածներ: Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան տեղեկատուութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախապատրաստական նիստ մը գումարեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատի հետ` ներկայութեամբ «Քորոնա» ժահրին դէմ...

Հարիրի Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Հարիրի Մեկնեցաւ Եգիպտոս

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Եգիպտոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ: Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին Հարիրի Սիսիի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ, որ Լիբանան պահպանէ իր դիմադրութեան կարողութիւնը եւ երկիրը դուրս բերէ իր դիմագրաւած ներկայ պայմաններէն: Ան...

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ  Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ  Իր Ոտնձգութիւնները

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իր Ոտնձգութիւնները

Իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր երէկ Հասպայայի, Արքուպի, Ժապալ Շէյխի, Ռաշայայի, Արեւմտեան Պեքաայի եւ Մազարեհ Շեպաայի վերեւ թռիչքներ գործեցին` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները: Միւս կողմէ, իսրայէլեան կործանիչներ շարունակեցին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները` Նապաթիէի եւ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ ու կեղծ յարձակումներ գործելով: Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ լիբանանեան հողերէն հակաօդայիններ փորձած են թիրախ դարձնել իսրայէլեան օդանաւերը, սակայն անոնք ձախողած...

Լարշէ Պըրրիին. «Ֆրանսայի Ծերակոյտը  Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին»

Լարշէ Պըրրիին. «Ֆրանսայի Ծերակոյտը Միշտ Նեցուկ Պիտի Կանգնի Լիբանանին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ Լարշէ յայտնեց, որ տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական առումով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու զգայուն փուլը, որուն զուգահեռ կ՛արձանագրուի նաեւ շրջանային լարուածութիւն` նորահաս սերունդներուն եւ բարեկարգումներուն միջեւ հաւասարակշռութեան կ՛ենթադրէ: Լարշէ բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կարեւոր եւ բացառիկ դերակատարութիւնը` իբրեւ օրէնսդրական իշխանութեան պետ: Լարշէ հաստատեց, որ...

Կ՛ակնկալուի, Որ Աշխատաւորական Ընդհանուր  Համադաշնակցութեան Նախագահը Այսօր Հրաժարի

Ասմար. «Կը Մերժենք Հացի Եւ Մազութի Սակերուն Բարձրացումը»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար անդրադարձաւ հացի եւ մազութի սակերու բարձրացումին` նկատել տալով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ արձանագրուող սղաճին առընթեր` երկրին իշխանութիւնն ու ելեւմուտքի պատասխանատուները ժողովուրդին եւ յատկապէս աշխատաւոր դասակարգին դիմագրաւած տնտեսական հսկայական տագնապները մեղմացնելու, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ այլ ապրանքատեսակներու մաքսանենգները հետապնդելու փոխարէն, կը մշակէ ականուած ամավարկ մը, որ կրնայ տապալել վարչական եւ կրթական մարզերը: Ասմար հաստատեց, որ այս վարչակազմը...

Շիա. «Մեզմէ Մի՛ Ակնկալէք  Կազմել Ձեր Կառավարութիւնը»

Շիա. «Մեզմէ Մի՛ Ակնկալէք Կազմել Ձեր Կառավարութիւնը»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները հաստատութենական եւ ռազմավարութիւններու պետութիւն է` աւելցնելով, որ իրենց որդեգրած քաղաքականութիւններուն էութիւնը  կը մնայ անփոփոխ, իսկ մօտեցումները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն արագացնելու Իսրայէլի հետ սահմանագծումը` աշխուժացնելով Նաքուրայի բանակցութիւնները, որոնք կ՛ընթանան ամերիկեան միջնորդութեամբ: Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին` Շիա նշեց, որ պէտք է արագացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` աւելցնելով,...

Սալամէ. «Չեմ Մտածեր Հրաժարելու Մասին, Իսկ Տագնապէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն Մը Ունիմ»

Դատախազ Մանսուր 8 Փետրուարին Կը Հարցաքննէ Սալամէն

Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երկուշաբթի, 8 փետրուար 2021-ին ճշդած է դատավարութեան նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի հարցաքննէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ ուրիշներ` իրենց վստահուած գործը անփութութեամբ կատարելու, ինչպէս նաեւ վարչական որոշումներ խախտելու յանցանքով: Նշենք, որ Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն դատական հարց յարուցած էր Սալամէի, Դրամատուներու քննչական խորհուրդի նախագահ Մայա Տապպաղի, ամերիկեան տոլար ներածող...

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա»  Ժահրին Պատճառով  Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Անցնող 24 Ժամուան Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Արձանագրուած Են 81 Մահացածներ

Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 2770-ի, իսկ մահացածներունը` 81-ի: Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանը, որուն հետ քննարկեց «Քորոնա»-ի համաճարակին վերաբերող զարգացումները, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի փուլին մօտալուտ ըլլալու իրողութիւնը: Նշենք, որ Հասան հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ...

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ  Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիէն

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որմէ ստացաւ նամակ մը եգիպտացի իր պաշտօնակիցէն` Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն: Եգիպտոսի նախագահը նախագահ Աունին յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ խնդրեց, որ Լիբանան աջակցի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը երկրորդ նստաշրջանի մը համար ստանձնելու նպատակով Ահմետ Ապուլ Ղէյթի թեկնածութեան` նկատի ունենալով արաբական հարցերուն եւ թղթածրարներուն ի...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակելու Պատասխանատուութիւնը Նախագահ Աունը Նկատելու Ծրագրուած Արշաւ Մը Կայ»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կայ ծրագրուած արշաւ մը, որուն նպատակն է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու պատասխանատուութիւնը վերագրել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ Հզօր Լիբանան համախմբումին: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ արշաւը կը ծաւալի այն «ամբաստանութեամբ», որ նախագահ Աուն եւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին  Հետաքննութիւնը Պիտի Շարունակուի Երկրին  Ամբողջական Փակումի Աւարտէն Ետք

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութիւնը Պիտի Շարունակուի Երկրին Ամբողջական Փակումի Աւարտէն Ետք

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Պէյրութի հրշէջ զոհերու հարազատներու պաշտօնական բանբեր Ուիլիըմ Նուն յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Ֆատի Սուուան հաստատած է, որ պայթումին հետաքննութիւնը պիտի շարունակէ երկրին ամբողջական փակումի որոշումէն ետք: Նուն յայտնեց, որ զոհերուն հարազատները կը վստահին դատախազ Սուուանին եւ անոր աշխատանքին` աւելցնելով, որ զոհերուն ընտանիքները կը պատրաստուին շարժումի մը, որուն մանրամասնութիւնները պիտի սկսին բացայայտուիլ երկուշաբթի, 15...

Ռայի Պատրիարքը Եւ Արսլան Քննարկեցին  Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

Ռայի Պատրիարքը Եւ Արսլան Քննարկեցին Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու եւ երկիրը ցնցող տագնապներուն համապատասխան լուծումներ գտնելու հեռանկարները:  

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Կողմէ  Ազատ Արձակուած 8 Լիբանանցիներ Հասան Պէյրութ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Կողմէ Ազատ Արձակուած 8 Լիբանանցիներ Հասան Պէյրութ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կատարած բանակցութիւններուն շնորհիւ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ ազատ արձակուած 8 լիբանանցիներ հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան: «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ Տուպայէն Պէյրութ հասած թռիչքով Լիբանան հասան քաղաքացիներ Նատեր Խալիլ, Հասան Հիւսէյնի, Մոհամետ Հիւսէյնի, Մահեր Զէյն, Զահեր Զէյն, Ալի Մուխատտեր, Հասան Զրէյք եւ Հիւսէյն Զրէյք:

Ապպաս Մուրթատա Ընդգծեց Եգիպտոսի Հետ  Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

Ապպաս Մուրթատա Ընդգծեց Եգիպտոսի Հետ Գործակցութեան Կարեւորութիւնը

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մուրթատա երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին լոյսին տակ: Քննարկուեցան Լիբանանի կողմէ եգիպտական գետնախնձոր ներածելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիրին մաս կը կազմէ: Մուրթատա լիբանանեան-եգիպտական գործակցութիւնը, ի մասնաւորի` սննդեղէնի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան որոշումով մէկ կապ լիբանանեան հացին սակը սղեցաւ 500 լ. ոսկիով եւ դարձաւ 2500 լ. ոսկի: Նկատի ունենալով, որ հացին սակը ուղղակիօրէն կապուած է ցորենի սակին եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արժեզրկումին, կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային մէկ կապ հացին սակը հասնի 3000 լ. ոսկիի, իսկ ոչ հեռաւոր ապագային` 5000 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը երէկ պաշտօնապէս...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց  Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

Երեքշաբթի, 2 փետրուար 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը, որ վեհափառ հայրապետին զեկուցեց նախարարութեան գործունէութեան մասին, յատկապէս ծանրանալով համաճարակին առնչուած աշխատանքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ ան այս ուղղութեամբ կազմուած պետական յանձնախումբին անդամ է: Հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդգծեց նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Ան հաստատեց, որ քաղաքական տարբեր ուժերը պէտք...

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով`  Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ  Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ  Առնչուող Խնդիրներ

Համատ Հասանի Հետ Հանդիպելով` Վ. Օհանեան-Գէորգեան Արծարծեց Հայահոծ Շրջաններու Եւ Հայկական Կառոյցներու Հետ Առնչուող Խնդիրներ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ եւ արծարծեց հայահոծ շրջաններու, հայկական ընկերային-առողջապահական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ կապուած խնդիրներ: Նախ եւ առաջ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ներկայացուց որոշ պահանջներ` հայկական կառոյցներու հետ առողջապահութեան նախարարութեան գործակցութեան եւ անհրաժեշտ օժանդակութեան վերաբերող: Ապա նկատի ունենալով Մեթնի շրջանի բնակիչներու մեծ թիւի գոյութիւնը`...

Page 437 of 988 1 … 436 437 438 … 988

Արխիւներ