Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլիի Մէջ Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

January 29, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրիփոլիի մէջ չորրորդ օրն ըլլալով տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ` ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Երէկ առաւօտեան Թրիփոլին արթնցաւ նախանցեալ գիշերուան ցոյցերուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած երիտասարդ Օմար Ֆարուք Թիպայի մահուան գուժով, որուն իբրեւ հետեւանք ցուցարարները յաւելեալ ընդվզումով ուղղուեցան «Նուր» հրապարակ, ուրկէ անոնք ուղղուեցան շրջանի պետական անձնաւորութիւններուն բնակարանները եւ փորձեցին խափանարարական արարքներ կատարել:

Ցուցարարները ուղղուեցան Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըրի բնակարանը, ուր անոնք քանդեցին անոր բնակած շէնքին մօտ զետեղուած տեսախցիկները եւ շէնքին մօտ հրկիզեցին փողոցի աղբամանները:

Ապա անոնք ուղղուեցան նախկին նախարար Ահմետ Ֆաթֆաթի բնակարանը, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանները:

Խումբ մը ցուցարարներ երկար ժամանակի համար փակեցին Պըտտաուիի մայրուղին:

Յետմիջօրէի ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 ցուցարարները քարկոծեցին, մոլոթովներ եւ ձեռնառումբեր նետեցին Թրիփոլիի սերային վրայ` փորձելով ներխուժել սերայ:

Ապահովութեան ուժերը փորձեցին ետ մղել ցուցարարները` զսպելով անոնց խափանարարական արարքները:

Այս պատճառով արձանագրուեցան բուռն բախումներ մէկ կողմէ Ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին, իսկ միւս կողմէ ցուցարարներուն միջեւ:

Ապահովութեան ուժերը արցունքաբեր կազեր արձակելով փորձեցին ցրուել ցուցարարները, սակայն անոնց փորձերը անյաջող դուրս եկան:

Աւելի ուշ ցուցարարները հրկիզեցին Թրիփոլիի սերային մուտքի դարպասը եւ ձեռնառումբերու թիրախ դարձուցին սերային շրջափակը:

Ապահովութեան ուժերը ձգախէժէ փամփուշտներով թիրախ դարձուցին ցուցարարները եւ զգուշացուցին զանոնք սերային վրայ յարձակումը շարունակելէ:

Լիբանանեան բանակը ժամը 10:30-ին մուտք գործեց «Նուր» հրապարակ, ուր տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն:

Կէս ժամ ետք, ցուցարարները Թրիփոլիի քաղաքապետարանին վրայ առատ մոլոթովներ տեղացնելէ ետք հրկիզեցին զայն, գողցան անոր իրերը, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին անոր շրջափակին մէջ գտնուող մոթորսիքլեթները:

Լիբանանեան Կարմիր խաչը կէս գիշերին յայտարարեց, որ երէկուան բախումներուն լոյսին տակ 6 վիրաւորներ փոխադրած է հիւանդանոց եւ տեղւոյն վրայ դարմանած 106 ուրիշներ:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 5:00-ին խումբ մը ցուցարարներ Պէյրութի մէջ փակեցին Սանայեհի ճամբան:

Ներքին գործոց նախարարութեան կից ցուցարարները հաւաքուեցան հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին Թրիփոլիի ցուցարարներուն:

Քիչ անց անոնք ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր փայտէ կտորներ հրկիզեցին:

Նոյնպիսի փորձ մը կատարուեցաւ նաեւ երեկոյեան ժամը 10:00-ին, երբ ցուցարարներ փակեցին Զուքի մայրուղին, իսկ գիշերուան ժամը 11:00-ին Շթորա-Տահր Պայտար ճամբան` Ժտիթայի մօտ:

Մուսթաքպալ հոսանքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Թրիփոլիի բնակիչները պիտի չներքաշուին գաղտնի սպասարկութիւններու գործիքներուն գործադրած անարգ թակարդին մէջ:

Միւս կողմէ, Միքաթի ցաւ յայտնեց թրիփոլցի երիտասարդին մահուան եւ մեծ թիւով վիրաւորներուն համար: Ան կոչ ուղղեց չտարուելու բողոքի այնպիսի ալիքով, որուն նպատակն է աղքատներուն հաշուոյն քաղաքական շահեր ապահովել:

Իր կարգին, Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ կարելի չէ ժողովուրդը բնակարանային մեկուսացումի ենթարկել` առանց անոր այլընտրանք տրամադրելու: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի պարզած այսօրուան ցասկոտ իրավիճակը զարմանք չի պատճառեր:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նաժըմի Հետ Քննարկեց Արդարութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Հայրենիք Վերադարձան 5 Գերիներ` Ազրպէյճանցի 1 Գերիի Դիմաց

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.